Տրամաբանական չէ որ երկիր մը հովանաւորէ մարզական կազմ մը: Դիւրիմացութենէ դուրս գալու համար, մարզական զանազան բնագաւառներէ ներս գործող, ազգային հաւաքականներու մասին չէ, այլ ակումբներու միջավայրէն ներս է որ տասնեակ տարիէ ի վեր կը գործէ այս հովանաւորման գործելաձեւը:
Ընդհանրապէս զանազան բնագաւառներու մէջ մասնագիտացած ընկերութիւններ, կը կատարեն այս գործը: Ըստ երեւոյթին Պաքուի ղեկավարներուն համար, այս հասկացողութիւնը տարբեր իմաստ ստացած է եւ այսպէս Ատրպէյճանէն մղոններ հեռու Մատրիտի մէջ, անոնք համաձայնութիւն մը կնքած են մայրաքաղաքի երկրորդ կազմին՝ Աթլեթիքոյին հետ, որպէսզի իրենց շապիկին վրայ կրեն «Ատրպէյճան.- Կրակի երկիրը» (Azerbaijan.- Land of Fire) լոզունգը: