Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Ուէսթ Ֆրանս» թերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Օռն նահանգին մէջ՝ Ռէվէյոնի եկեղեցին կարիքն ունի լուրջ վերանորոգութեան, որուն կը ձեռնարկուի 2013-ի ընթացքին:

Անհրաժեշտ աշխատանքներու ընդհանուր ծախսերը կը գնահատուին 200.000 եւրօ: Ատրպէյճանական ընկերակցութիւն մը այդ նպատակին արդէն տրամադրած է 10.000 եւրօ: Քաղաքապետ Միշէլ Լըսիւէօր, որ յայտարարած է լուրը, չէ նշած, թէ ինչ հանգամանքներով կատարուած է վերոնշեալ օժանդակութիւնը: