Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԲՆԱԿԵԼԻ ԱՒԱՆՆԵՐ ԿԸ ԿԱՌՈՒՑԷ ԱԶԵՐԻ ՓԱԽՍՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Ատրպէյճանի մէջ վերջապէս սկսած են հասկնալ, որ միջազգային ատեաններուն մօտ փախստականներու մասին տեղի-անտեղի խօսելու փոխարէն, անհրաժեշտ է լուծել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան նկատմամբ իրենց յարձակողա-պաշտութեան պատճառով գաղթական դարձած սեփական քաղաքացիներու տեղաւորման հարցը:

2003էն ետք (Իլհամ Ալիեւի իշխանութեան գլուխ անցնելէ յետոյ) Նաւթային հիմնադրամի
եւ այլ աղբիւրներու միջոցներու հաշւոյն 140 հազար փախստականներու համար
ընդհանուր թիւով 31 հազար բնակարաններով 77 աւաններ կառուցուած են

Ինչպէս կ'երեւայ Պաքու սկսած է հաշտուիլ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իրողութեան եւ Արցախի՝ Ատրպէյճանի կազմէն ներս գոյութիւն չունենալու հարցին հետ, նաեւ այն փաստին՝ որ 20 տարի Պաքուի եւ Ատրպէյճանի տարբեր շրջաններու մէջ բնակող արդէն սերնդափոխուած փախստականները կը փափաքին իրենց երկրին մէջ ապրիլ:

Այդ է պատճառը, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը որոշած է Պաքուի հանրակացարաններու մէջ բնակող 90 հազար փախստականներուն համար նոր բնակելի աւաններ կառուցել: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Պաքուէն 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ Ապշերոնի շրջանէն ներս գտնուող Գոբու աւանին մօտ այդ նպատակով արդէն 500 հա տարածք յատկացուցած է եւ այժմ աշխատանքներ կը տարուին նոր աւանի նախագծման շուրջ:

Այս մասին հաղորդեց contact.az լրատուական կայքէջը, վկայակոչելով Ատրպէյճանի փոխ վարչապետ, փախստականներու պետական Կոմիտէի ղեկավար Ալի Հասանովի խօսքերը՝ 2012ի արդիւնքներու գծով կառավարութեան նիստի քննար- կումներուն ընթացքին:

Ան յայտնած է թէ 110 հազար փախստականներու համար 500 հա տարածք եւս յատ- կացնելու անհրաժեշտութիւնը կայ: Փախստականները ժամանակաւորապէս կը բնակին զօրամասերու մէջ, դպրոցներու, մանկապարտէզներու, հանգստեան տուներու, գը- րաւուած բնակարաններու եւ այլ:

Հասանովը յայտնած է, որ փախստականներու կեանքի պայմանները եւ այլ խնդիրները լուծելու համար 2013ին պիտի յատկացուի 575 միլիոն մանաթ: Այդ գումարի 237 միլիոն մանաթը պիտի յատկացուի պետական պիւտճէի գումարներէ, 300 միլիոնն ալ՝ Նաւթի հիմնադրամէն: 38 մլիլիոն մանաթ եւս պիտի տրուի միջազգային կազմակերպութիւններու կողմէ: Այս ձեւով 20 հազար մարդ եւս պիտի տեղաւորուի: