Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ցեղապաշտութեան ու ազգայնամոլութեան դէմ պայքարող կազմակերպութիւններ կը պատրաստուին յատուկ հաւաքներով ոգեկոչելու յիշատակը Հրանդ Տինքին` անոր սպանութեան վեցերորդ տարելիցին առիթով:

Այսօր իսկ, Թաքսիմի «Հիլ» պանդոկին մէջ ոգեկոչման մասնաւոր ձեռնարկ մը պիտի սարքուի: Կազմակերպութեան անունով Ճենկիզ Ալկան յայտնեց, թէ սոյն հանդիսութիւններուն ընթացքին պիտի բացատրուի, թէ Հրանդ ի՞նչ պատմել ուզած էր Թուրքիոյ: Ան բողոք ներկայացուց թէ այս սպանութեան բուն հեղինակները տակաւին երեւան հանուած չեն: Ալկան աւելցուց թէ Տինք մեկնեցաւ եւ դեռ բուն ոճրագործները ո՛չ միայն երեւան չհանուեցան, այլ այս խնդիրին հետ կապ ունեցող պաշտօնեաները վարձատրութիւններ ստացան, պաշտօնի բարձրացումներ ունեցան:

«Պետութիւնը իր ո՛չ մէկ պաշտօնեան զոհեց այս խնդիրին համար», եզրակացուց Ալկան:

Վաղը Շաբաթ 19 Յունուարին, Շիշլիի թաղամասէն մինչեւ Տինքի հիմնած «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատուն պիտի կատարուի քայլարշաւ մը:

Տինքի ընկերները նաեւ պատրաստած են յատուկ տեսանիւթ մը, որ ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է:

 

Հայ Համայնքը Թուրքիոյ Իշխանութիւններէն
Կ՛ակնկալէ Արձագանգել Հայերու Սպանութիւններուն

 Թուրքիոյ յառաջատար թերթերը չանդրադարձան 28 Դեկտեմբերին Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ 84ամեայ հայ կնոջ սպանութեան, իսկ քանի մը թերթեր զայն որակեցին սովորական սպանութիւն:

Որոշ կայքէջեր հրապարակեցին «Ակօս»ի մէջ հրատարակուած «Մարիձա Քիւչուքի սպանութիւնը եւ Թուրքիոյ հայերուն անհանգըստութիւնը» վերնագիրով յօդուածը: Այս յօդուածին մէջ նշուած է, որ Քիւչուքի սպանութենէն առաջ եւս թաղամասի տարեց հայ բնակիչներուն նկատմամբ բռնութիւններ գործադրուած էին:

«Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշը գրած է, որ 2007ին Տինքի եւ 2011ին հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճըի սպանութիւններէն ետք մեծ ցնցում ապրած հայկական համայնքը Թուրքիոյ պետական  մարմիններէն համապատասխան արձագանգ կ՛ակնկալէ:

«Ակօս»ի խմբագիրը մտահոգութիւն կը յայտնէ այն մասին, որ սպանութիւնը Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ վերջին շրջանին կատարուած երկրորդ բռնութիւնն է հայազգի կնոջ նկատմամբ եւ դէպքերուն միջեւ որոշակի կապ կայ:

«Մարիձա Քիւչուքի սպանութիւնը Պոլսոյ մէջ ապրող հայերուն յիշեցուց այս դէպքը: Նոյն ամսուան ընթացքին, նոյն թաղամասին մէջ երկու հայ կանայք նոյնպէս ենթարկուեցան յարձակման. մէկը մահացաւ, իսկ միւսը կուրցաւ: Անկէ զատ հաղորդուեցաւ, որ Մարիձա Քիւչուք մերկ եղած է, իսկ անոր որդի՝ Զատիկ Քիւչուքը պատմեց, որ մարմնին վրայ դանակով խաչ եղած էր: Պոլսոյ մէջ բնակող շուրջ 50 հազար հայերուն համար միջադէպը կը ներկայանայ դանակահարուած, մարմնին վրայ դանակով խաչ գծուած, սպաննուած մերկ հայազգի կնոջ կերպարով, եւ կասկած կը յառաջանայ, որ արդեօք ան չէ՞ սպաննուած իր հայկական ինքնութեան համար», կը գրէ «Ակօս»ի խմբագիրը:

Կեսարիացի Մարիցա Քիւչուք, Պոլիս տեղափոխուելէ ետք, երկար տարիներ նպարավաճառութիւն ըրած էր, այդ պատճառաւ ալ ծանօթ էր «Պախալ Մարիցա» անունով: Տիկնոջ մարմինը առաջին գտնողը իր որդին` Զատիկը, եղած էր: Ան մերկ վիճակի մէջ էր, եւ կուրծքին վրայ խաչաձեւ նշան մը կար: Այս տեղեկութիւնը սակայն հետագային հերքուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ։

Դիակի կանխահաս քննութենէն յայտնի դարձած է, թէ տարեց կինը նախքան դաշոյնահարուիլը բռունցքի հարւածներ ստացած է աչքի խոռոչին շուրջ եւ կզակին: Գողցուած են նաեւ գոհարեղէնները: Այժմ ոստիկանութիւնը կ՛աշխատի դէպքի հեղինակները յայտնաբերել:

Քոփթաշ՝ նշելով սպանութենէն ետք ոստիկանութեան կատարած յայտարարութիւնը, որ սպանութիւնը «սիրողական մակարդակով» է, իսկ յանցագործի ձերբակալութիւնը՝ վայրկեաններու հարց, կ՛աւելցնէ. «Այս բոլորը կը յիշեցնեն Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք Պոլսոյ ոստիկանութեան պետ Ճելալեթթին Ճերրահի խօսքերը: Ան ըսած է. «Կատարուածը կապ չունի յանցագործ խմբաւորման հետ: Ատիկա ազգայնականութեան ենթահողի վրայ կատարուած սպանութիւն է»: Սակայն այս յայտարարութենէն ետք առողջ հետաքննութիւն չկատարուեցաւ, եւ մենք բոլոր տեսանք, որ դատարանի վճիռէն հանգիստ չէր անգամ դատավճիռ արձակող դատաւորին խիղճը»:

Ինչպէս օրին անդրադարձած էինք հայազգի կնոջ սպանութիւնը դատապարտեց մարդկային իրաւանց պաշտպան Միջազգային ներում (Amnesty International) կազմակերպութիւնը որ նաեւ կոչ ուղղած էր Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ լրջութեամբ մօտենան նման դէպքերու հետաքննութեան եւ պատասխանատուութեան կանչեն մեղաւորները` միաժամանակ դիմելով անհրաժեշտ քայլերու, որպէսզի ժողովուրդը անհանդուրժողականութեան մշակոյթէն եւ ռազմատենչ ազգայնամոլութենէն հրաժարի: