Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Անցեալ շաբաթավերջին տեղեկացանք թէ դաժան սպանութեան զոհ գացած է Արամեան- Ունճեան վարժարանի համակարգիչի երկարամեայ թուրք ուսուցիչ Իլքէր Շահին:

Անծանօթ մը կամ անծանօթներ Գատըգիւղի բնակարանին մէջ յարձակած են ուսուցչին վրայ,  կտրած են անոր կոկորդը ու սպաննած են անխղճօրէն: Յայտնի չեն սպանութեան պատճառները: «Մարմարա» կը հաղորդէ թէ կապ հաստատած է Արամեան վարժարանի տնօրէնուհի Լեռնա Գարաքիւթիւքի հետ, որ հաստատած է թէ լուրը ճիշդ է: Անցեալ շաբաթ արձակուրդ էր եւ վերջին անգամ Շաբաթ օրն էր որ Շահին շնորհաւորական նամակ մը ղրկած էր վարժարան: Հինգշաբթի օր դաս ունէր, բայց դպրոց չգնաց: Երկար սպասեցին, հեռաձայնով փնտռեցին բայց ան մէջտեղ չկար: Տրուած ըլլալով որ կնոջմէն ամուսնալուծուած էր, լուր տրուեցաւ ազգականներուն: Շահինի զարմիկը տուն գնաց, դուռը բանալ տուաւ ու դէմ յանդիման եկաւ ահաւոր տեսարանին: Հայաստանեան մի քանի թերթեր այս լուրը հաղորդեցին կարծելով թէ Իլքէր հայ էր եւ յիշեցնելով, թէ մի քանի օր առաջ, դաժանաբար սպաննուած էր տարեց հայ կին մը: Բայց Իլքէր Շահին հայ չէր: Թրքական տեղական բոլոր թերթերը արձագանգ հանդիսացան այս լուրին, ընդգծելով որ ան հայկական վարժարանի մը ուսուցիչն էր:

Պոլսահայ «Ակօս» շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ հայուհի Մարիցա Քիւչիւքի սպանութենէն ետք, փորձած են այլ հայուհի մը առեւանգել, սակայն չեն յաջողած: Հայուհին ուզած է Ս. Ծննդեան պատարագին մասնակցելու համար եկեղեցի երթալ, սակայն փորձած են անոր օգնելու պատրուակով զայն ստիպողաբար ինքնաշարժ նստեցնել: Կինը կրցած է հասնիլ եկեղեցի եւ դիմել ոստիկանութեան: