Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախօրոք ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ Յունուար 10-ին ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծի   դիտարկում կատարած է Մարտակերտի շրջանի Սէյսուլան բնակավայրի մերձակայքին:

ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը իրականացուցին ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի (ԳՆԱՆ) դաշտային օգնականներ Իրժի Աբերլեն (Չեխիա) եւ Խրիստօ  Խրիստովը (Պուլկարիա):
Շփման գիծի հակառակ կողմէն դիտարկումը իրականացուցած են  ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ դաշտային օգնականներ Ուիլեամ Պրայորը (Մեծն  Բրիտանիա) եւ Եւգենի Շարովը (Ուքրանիա):
Ինչպէս «Արմէնփրէս»ին տեղեկացուցին ԼՂՀ  արտաքին  գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, դիտարկման ընթացքին կրակի դադրեցման  խախտումներ չեն արձանագրուած, սակայն ատրպէյճանական կողմը հերթական անգամ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը դուրս չէ բերած իր առաջապահ դիրքեր՝ նախօրոք համաձայնեցուած կէտ, որու հետեւանքով ԵԱՀԿ դիտարկման խումբերը ստիպուած են դիտարկումը  իրականացնել աւելի  հեռու  տարածութենէ:
Դիտարկման առաքելութեան ղարաբաղեան կողմէն ուղեկցած են  ԼՂՀ արտաքին գործերու նախարարութեան եւ պաշտ- պանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները: