Թրքական «Թարաֆ» թերթէն հրաժարումներու տարափ մը ծայր առած է:
Անկէ հեռացած են Ահմէտ Ալթան, Եասէմին Չոնկար եւ բազմաթիւ այլ անուններ, որոնց հոսեցուցած մելանին մէջ կար թրքական պաշտօնական կեցուածքներէն տարբեր, արդար դիրքորոշումներ, ներառեալ՝ ինչ կը վերաբերի Հայկական Հարցին: Այսպէսով, թրքական մամուլի ճշմարտացիութեան միակ բանբերը մեծ մասամբ կը պարպուի իր ոգիէն՝ քիչ մը աւելի ասպարէզը թողլով ազգայնամոլ մամուլին: