Ռուսական «Ռեկնում» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Նախիջեւանի մէջ արտակարգ իրավիճակ կը տիրէ, հակառակ այն իրողութեան, որ նման բան պաշտօնապէս
չէ յայտարարուած: Պատճառը՝ Նախիջեւան քաղաքին մէջ տարածուած թռուցիկներն են, որոնց մէջ մարզային իշխանութիւններու հասցէին սպառնալիքներ կան:
Թռուցիկները առաջին անգամ յայտնուած են մէկ ամիս առաջ եւ ստորագրուած են «Հայրենասիրական եղբայրներ»ու կողմէ:
Թռուցիկները տարածուած են հիմնականին մէջ այն շրջաններուն մէջ, ուր հսկող տեսախցիկներ չկան:
Տեղւոյն բնակիչները կը յայտնեն, թէ թռուցիկներուն պատճառով՝ գաղտնի ոստիկաններու կողմէ հսկողութիւնը զգալիօրէն խստացած է փողոցներուն մէջ: Ոստիկանութիւնը նաեւ հասկըցուցած է բնակչութեան, որ ժամը 23էն ետք ու մինչեւ առաւօտ իրենց բնակարաններէն դուրս չգան:
Ատրպէյճանի Ազգային ճակատի կուսակցութեան փոխ նախագահ Ասեֆ Հուսէյնովի կարծիքով՝ Նախիջեւանի մէջ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան ճնշման պատճառով, քաղաքացիները իրենց բողոքը արտայայտելու այլ ձեւեր կը փնտռեն, եւ այդ ձեւերէն մէկն է նման թռուցիկներու տարածումը: Ըստ անոր՝ ղեկավարութիւնը կը խախտէ մարդկային տարրական իրաւունքները:
Հոկտեմբերին, նորվեկիական «Մարդկային իրաւանց տուն» հիմնադրամին հրապարակած տեղեկագիրով խստօրէն դատապարտուած էին Նախիջեւանի մէջ շարունակուող մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները: Հոն Նախիջեւանը նկատուած էր «Ատրպէյճանի սեւ կղզին»:
Պաքու կը շարունակէ պնդել, թէ Նախիջեւանի իրավիճակը ներկայացուած է խեղաթիւրուած ձեւով: