Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիոյ Լոպիական ռազմավարական հետազօտութեանց կեդրոնը որոշած է բողոքագիրներ յղել բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը կամ ալ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներ զետեղած են։

Այս մասին կը հաղորդէ «Նոր Յառաջ»-ը:

Կեդրոնին հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ աշխարհի 22 երկիր՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին համապատասխան օրէնք ընդունած է, եւ 30 երկիրներու մէջ ալ կառուցուած են Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշարձաններ։ Ընդհանուր առմամբ, աշխարհի մէջ՝ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած 132 յուշակոթող կայ։ Թուրք լոպիստները շեշտած են այն հանգամանքը, որ այդ յուշարձաններուն մօտ իրենք երբեք բողոքի գործողութիւններ չեն կազմակերպած, եւ այժմ կը սպառնան՝ «խախտել լռութիւնը»։