ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական լրատուամիջոցները արձագանգած են ֆրանսացի աշխարհահռչակ դերասան Ալէն Տըլոնի Հայաստան կատարած այցելութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մէջ նահատակներու յիշատակին դիմաց անոր խոնարհելուն:
Այս մասին յայտնած է թրքական «Haberler.com»ը՝ նշելով, որ Թուրքիոյ մէջ յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առնուած է այն հանգամանքը, որ Հայաստան ժամանած արուեստագէտը խօսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Թրքական լրատուամիջոցը ներկայացուցած է ֆրանսացի շարժապատկերի աստղին ունեցած հանդիպումը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Թրքական կայքէջը ընդգծած է, որ դերասանը բարձրաձայնած է թուրքերուն կողմէ իրենց պատմական անցեալին՝ Ցեղասպանութեան հետ առերեսուելու փաստին մասին, ապա մէջբերած է աշխարհահռչակ դերասանին խօսքը. «Այս հարցին գծով Ֆրանսայի դիրքորոշումը յստակ է: Մենք կը դատապարտենք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»։