Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Այսօրուընէ սկսեալ Թուրքիա հնարաւորութիւնը պիտի ունենայ հսկողութեան տակ պահելու տարածաշրջանի երկիրները, երէկ արձակուած թրքական լրտեսական արբանեակին միջոցաւ։ 


Չինաստանի Jiuquan կեդրոնէն տիեզերք արձակուեցաւ Gokturk-2 թրքական առաջին լրտեսական արբանեակը, որու շինութիւնը ֆինանսաւորուեցաւ Թուրքիոյ գիտահետազօտական հիմնադրամի եւ Թուրքիոյ օդային արդիւնաբերութեան կողմէ։
Ըստ յունական defencenet.gr կայքէջի լրատուութեան, տուեալ արբանեակը պիտի օգտագործուի Թուրքիոյ գաղտնի ծառայութիւններուն կողմէ. այն  վերջերս փորձարկուեցաւ Ֆրանսայի մէջ։
Այս ծրագրի պայմանագիրը ստորագրուեցաւ Էրտողանի կառավարութեան կողմէ եւ ծրագիրը ի գործ դրուեցաւ 2007ի Մայիսին։
Երկրի մակերեսէն 700 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ ուղեծիրի մէջ պիտի դրուի արբանեակը, որու իւրաքանչիւր «պտոյտ»՝ 98 վայրկեան պիտի տեւէ։