Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուրքիա հասան երէկ գիշեր գերմանացի զինուորականներ, նախապատրաստելու համար Փաթրիոթ հրթիռներու տեղակայումը:

Այս հարցի մասին կը հաղորդէ յունական real կայքէջը, դիտել տալով թէ զինուորականները Ատանայի օդանաւակայան ժամանեցին, ուրկէ փոխադրուեցան Ինջիրլիքի ամերիկեան խարիսխը, անկէ ալ հարաւային Թուրքիոյ Գահրամանմարաս շրջանը:

Ռազմական այս ծրագրի իրագործումը ստանձնած են Գերմանիա, Հոլանտա եւ Ամերիկա: Իւրաքանչիւր երկիր, իր կարգին, Փաթրիոթ հրթիռներու երկուական համակարգ եւ 400 զինուոր  պիտի ուղարկէ Թուրքիա:
ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա երէկ ժամանեց Թուրքիա։ Թրքական մամուլը կը հաղորդէ թէ այցելութիւնը տեղի ունեցաւ ՆԱԹՕի կողմէ Սուրիայի հետ սահմանին վրայ Փաթրիոթներու տեղադրման հաստատումի լոյսին տակ։ Փենթակոնի մամլոյ քարտուղարը լրագրողներուն ըսած է, թէ Փանեթա Ինջիրլիք կատարած կարճատեւ իր այցելութեան ընթացքին ամերիկեան զօրախումբին խօսելով ըսած է, թէ տեղաբաշխումը կատարուած է օգնելու համար Թուրքիոյ հակաօդային պաշտպանութեան, որու համար մեծ անհրաժեշտութիւն եւ կարիք կայ՝ Սուրիոյ սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար։
Ինջիրլի քի ռազմաօդային կայանը կը գտնուի Սուրիոյ սահմանէն մօտ 60 մղոն հեռաւորութեան վրայ: Առայժմ չէ յստակացած,  թէ որտեղ եւ որքան ժամանակով պիտի տեղադրուին հրթիռները:
Թուրքիային ցուցաբերուող ռազմական այս աջակցութիւնը եկաւ յաջորդելու ամերիկեան զինուորական ուժերու յայտարարութեան,  ըստ որու վերջին օրերուն Սուրիոյ կառավարական զօրքերը Scud տիպի հրթիռներ օգտագործած են ապստամբներուն դէմ: Ամերիկացիները կը պնդեն նաեւ թէ հետզհետէ կը մեծնայ սուրիական կառավարական ուժերուն կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման վտանգը:
Լէոն Փանեթա ըսած է, թէ Թուրքիոյ, Յորդանանի ու Իսրայէլի հետ միասին ԱՄՆ-ը հսկողութեան տակ պիտի պահէ Սուրիոյ քիմիական զէնքի պահեստները: Ան նախազգուշացուցած է Սուրիան քիմիական զէնքերու օգտագործումեն, շեշտելով թէ հետեւանքները շատ լուրջ պիտի ըլլան: