Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Լրագրողներու պաշտպանութեան կոմիտէն»` իր տարեկան զեկոյցը հրապարակեց, արձանագրելով թէ Թուրքիան աշխարհի մէջ առաջին երկիրն է՝ ձերբակալուած լրագրողներու թիւով:

Ըստ տուեալներու՝ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած կը մնայ 49 լրագրող, թէեւ երկրէն ներս գործող կազմակերպութիւններ կը նշեն թէ ընդհանուր հաշիւով՝ բանտարկուած է աւելի քան 60 լրագրող:
Զեկոյցին մէջ գրուած է. «Ազգութեամբ քիւրտ տասնեակ թղթակիցներ եւ խմբագիրներ կը պահուին բանտերուն մէջ՝ ահաբեկչութեան հետ առնչութիւն ունենալու մեղադրանքով, իսկ որոշ լրագրողներ ալ բանտարկուած են կառավարութեան դէմ դաւադրութեան մեղադրանքով: Անոնցմէ շատերը ձերբակալուած են յստակ քաղաքական պատճառներով:
Նշենք նաեւ թէ հրապարակուած ցանկի 7րդ տեղը գրաւած է Ատրպէյճանը: