Գերմանիոյ «Շոնտորֆ Փալմ» հիմնադրամը Հրանդ Տինքին յետ մահու շնորհած է «Եոհան Ֆիլիփ Փալմ» մամուլի եւ մտածումի ազատութեան մրցանակը,
որ կը տրուի երկու տարին անգամ մը: Մրցանակի յանձնումի արարողութեան ներկայ եղած է նահատակ լրագրողին կինը՝ Ռաքէլ Տինք: Ան իր խօսքին մէջ ըսած է՝ «Հրանդի միակ փափաքն էր՝ Թուրքիան եւ թուրք ժողովուրդը ազատած տեսնել 1915ի Ցեղասպանութեան վէրքէն: Ան գրած եւ խօսած է միայն ճշմարտութեան մասին: Կը պայքարէր թուրք ժողովուրդը անգրագիտութեան ճահիճէն փրկելու համար: Ա՛յդ է որ վճարեց իր կեանքով»:
Եոհան Ֆիլիփ Փալմ իր հրատարակչատան մէջ՝ ֆրանսական վարչակարգը քննադատող հատոր մը հրատարակած ըլլալուն պատճառով գնդակահարուած է 1806ին: