Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Անին  երբեմնի  հզօր  հայկական կայսրութեան  կեդրոնն  էր»
ԿԸ  ԽՈՍՏՈՎԱՆԻ  ԹՐՔԱԿԱՆ  ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ

«Թուրք գիտնականները կը պատրաստուին յաջորդ տարիէն սկսեալ  նոր պեղումներ կատարելու Թուրքիայի ամենատպաւորիչ զբօսաշրջական կէտերէն մէկուն մէջ՝ հնագոյն հայկական Անի քաղաքի տարածքին վրայ», - կը տեղեկացնէ թրքական պաշտօնական «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Թրքական աղբիւրներու փոխանցման համաձայն, այս աշխատանքները պիտի իրականացուին երկրի արեւմուտքին  գտնուող Տենիզլի քաղաքի

  «Փամուքքալէ» համալսարանի հնագէտներու կողմէ: Անոնք, Կարսի նահանգապետարանի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան գործակալութեան ղեկավար Հաքան Տողանի փոխանցմամբ, արդէն իսկ կը բանակցին Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութեան հետ՝ Անիի մէջ  պեղումներ իրականացնելու պաշտօնական թոյլտուութիւն ստանալու նպատակով:
«Անին երբեմնի հզօր հայկական կայսրութեան կեդրոնն էր, ունէր 100-է 200 հազար բնակիչ՝  հանդիսանալով այդ ժամանակաշրջանի խոշորագոյն քաղաքներէն մէկը», - կը գրէ «Անատոլու»-ն՝  տեղեկացնելով, որ միայն անցած տարի Անի այցելեց շուրջ 22 հազար զբօսաշրջիկ: «Անոնց 60 տոկոսը օտարերկրացիներ են, անոնց համար Անին, ըստ ամենայնի, գրաւիչ է որպէս տարբեր կրօններու միախառնման կէտ, քաղաք, ուր ժամանակին կÿապրէին տարբեր կրօններու, մշակոյթներու, ցեղերու  ներկայացուցիչներ», - «Անատոլու» գործակալութեան տրուած հարցազրոյցին մէջ դիտել տուած է  Կարսի նահանգապետարանի ներկայացուցիչ Հաքան Տողանը՝ յայտնելով նաեւ որ տեղական իշխանութիւնները նպատակ ունին Անիի մէջ  իրականացուող աշխատանքներու աշխուժացման շնորհիւ աւելցնել զբօսաշրջկներու  հոսքը:
«Ակնյայտ է, որ մենք պէտք է աշխարհին մատուցենք համաշխարհային նշանակութիւն ունեցող այս քաղաքը, որքան հնարաւոր է արագօրէն», - նշած է Տողանը:
«Վերջին ամիսներուն եւս Անիի  մէջ որոշ աշխատանքներ իրականացան, մասնաւորաբար՝  2012 թուականի Յունիսին  կատարուած պեղումներու աւարտին  յայտնաբերուած սափորները, կաւէ սպասքի կտորտանքն ու մարդոց ոսկորները տեղափոխուած են յատուկ պահեստանոց», - կÿըսեն թուրք պաշտօնեաները:
Ի դէպ, թրքական իշխանութիւնները առաջին անգամ Անիի հանդէպ լուրջ ուշադրութիւն դարձուցին մօտ 20 տարի առաջ: 1989-էն ետք սկսած էին մաքրութեան աշխատանքներ կատարուիլ, որոնք դադրեցան ու վերսկսան մի քանի անգամ:

Ախուրեանը Հայաստանի գետերէն է, որը սկիզբ կÿառնէ Ղուկասեանի սարի Արփի լիճէն։ Ջրառատութեամբ այն հանրապետութեան երրորդ գետն է (տարեկան 900 մլիլիոն խոր. մեթր)։ Այն որպէս ջրառատ գետ կը մտնէ Շիրակի դաշտ, ուր կը միանայ  Արագածի լանջերէն  սկիզբ առնող մի քանի գետակներու, որոնցմէ ամէնէն  մեծը Մանթաշն է: Դէպի հիւսիս ուղղուելով, Կարսագետն ալ ընդունելէ  ետք, Ախուրեանը կը կտրէ  Արագածի արեւմտեան փեշերը, խորացնելով իր հունը եւ  քարքարոտ ափերու մէջ կը շարունակէ հոսիլ մինչեւ Արաքսի հետ միանալը։
Ախուրեան գետը  ունի 205 քիլոմեթր երկարութիւն։
Գետի ձախ ափին է Գիւմրին, իսկ աջ ափին` Հայաստանի վաղեմի մայրաքաղաք՝ աւերուած Անին։
Ախուրեանի ջուրերը օգտագործելու համար 1922 թուականէն սկսեալ կառուցուած է  Շիրակի ջրանցքը, որը  շահագործման յանձնուեցաւ 1925 թուականին։  Ջրանցքի գործարկումը զգալիօրէն դիւրացուց  հողամասերու ոռոգման աշխատանքը։ (Պատմութեան համար նշենց, որ ջրանցքի բացման  ներկայ գտնուած էր նորվեկիացի ականաւոր գիտնական եւ աշխարհահռչակ բեւեռախոյզ ու մարդասէր Ֆրիտիոֆ Նանսենը)։

Ախորեան գետի կամուրջը Անի կը գտնուի: Այն կառուցուած է  10-րդ կամ 11-րդ դարերու հաւանաբար,  Բագրատունեաց իշխանութեան ժամանակաշրջանին:
12-րդ դարու արձանագրութիւն մը  յայտնաբերուած է կամուրջի մօտ, որ կը վկայէ  կամուրջի մուտքը բարեկարգող շինարարական աշխատանքներուն մասին: Աւելի  քան 30 մեթր երկարութեամբ կամուրջի միակ կամարը փլուզած է՝  բարձր պահելով միայն  կողմնակի  յենասիւները, որոնք, հավանաբար, ուժեղացուած դարպասներու  մաս  կը կազմէին: