«ԱԼԻՔ»- Չորեքշաբթի, նոյեմբերի 21-ին Հայ ակումբի դահլիճէն ներս տեղի ունեցաւ գրական-գեղարուեստական ձեռնարկ՝ նուիրուած անուանի մտաւորական, գրականագէտ Ազատ Մաթեանի 70-ամեակին, եւ նոր հրատարակուած «Աշխարհի գերբը» եւ «Ո՞վ է Չարենցը» գրքերու շնորհանդէսը:
Ձեռնարկի նախաձեռնութիւնը Կազմակերպիչ յանձնախումբին կը պատկանէր՝ համագործակցութեամբ Հայ ակումբի, Իրանահայ գրողներու միութեան, Հայ համալսարանականներու ընդհ. միութեան եւ «Յոյս» երկշաբաթաթերթի:
Երեկոյթին ներկայ էին՝ Իսլ. խորհրդարանէն ներս իրանահայութեան երկու պատգամաւորները, Պատգամաւորական ժողովի ներկայացուցիչներ, իրանահայ մամուլի ներկայացուցիչներ, Աւետարանական եկեղեցւոյ հովիւը, քահանայ հայրեր, ազգային միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ գրասէր ներկաներ:
Ցուցադրութեան դրուած էին նաեւ յոբելեարի քանդակներէն ու փայտի վրայ կատարած ստեղծագործութիւններէն նմուշներ: