Պ
ոլսոյ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ գործող դպրոցը գրեթէ նման է Հայաստանի դպրոցներու. Հրանտ Տինքի անունը կրող այս դպրոցէն ներս թրքերէն չի դասաւանդուիր։ Դպրոցի կազմակերպիչները կ'ըսեն որ այս գծով միակ կրթական հաստատութիւնն է, ուր բոլոր դասերը հայերէնով կը դասաւանդուին, Հայաստանի կրթական ծրագրի համապատասխան:
Դասագրքերը նաեւ իրենց կ'ուղարկուին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Դպրոցը կը յաճախեն Հայաստանէն Թուրքիա տեղափոխուած եւ անօրինական ապրող հայերու երեխաները:
Դպրոցը ունի 100 աշակերտ: Այս թիւը հետզհետէ կ'աճի, ըստ դպրոցի տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանի խօսքերուն. ան կ'ըսէ թէ այս տարուայ առաջին դասարանի աշակերտները 20 փոքրիկներ են:
«Ցաւոք սրտի աւելանում է։ Ցաւոք սրտի եմ ասում, որովհետեւ ցանկալի չէ, որ Պոլսում հայաստանցի երեխաների քանակը 108-ի հասնի։ Շատ եմ տխրում։ Դա նշանակում է, որ ինչ-որ տեղ հաւատը եւ յոյսը կորցրել են մեր պետութեան նկատմամբ», - կ'ըսէ Հերիքնազ Աւագեանը, որ ինք եւս Հայաստանէն է եւ ամուսնացած՝ պոլսահայու հետ:
Ջանք կը տարուի որպէսզի Հայաստանէն տեղափոխւող հայերու փոքրիկները հայեցի դաստիարակութիւն ստանան, պահեն լեզուն ու կրթուին հայօրէն:
Յաջորդ ուսումնական տարուան մէջ եօթերորդ դասարան պիտի բացուի դպրոցէն ներս:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ՝
ՀԱՅԵՐԷՆ ՍՈՐՎԻԼ
«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք»ի Նոյեմբերի թիւին մէջ, վերեւ նշուած խորագրով հետաքրքրական յօդուած մը լոյս տեսած է, Ազիզ Օղուզի ստորագրութեամբ, որ Թուռի «Ֆրանսուա-Ռապըլէ» համալսարանի լրագրութեան բաժնի ուսանող մըն է: Ան այցելած է Պոլսոյ անցեալի հայաշատ թաղերէն Օրթագիւղի Թարգմանչաց դպրոցը, ուր զինքը ընդունած է դպրոցին տնօրէնուհին՝ տիկին Նալճը: Այս այցելութենէն ետք իր տպաւորութիւնները գրի առած է հայկական կրթութեան խոչընդոտներու եւ տիրող իրավիճակի կապակցութեամբ: Քննական աչքով գրուած յօդուածը լուրջ հարցադրումներ կը կատարէ Օրթագիւղի անցեալին ու ներկային շուրջ:
Կÿըսուի թէ թաղին մէջ այսօր հայեր, հրեաներ, յոյներ չեն մնացած այլեւս, բացի քանի մը ընտանիքէ: Անցեալի այդ բնակչութիւնը առհասարակ փոխարինուած է քիւրտերով: Այդուհանդերձ, դպրոցը դեռ ունի 150 աշակերտ, շնորհիւ տուներէ հաւաքման իր սպասարկութեան:
Լրագրող Օղուզ նախ եւ առաջ տպաւորուած է դպրոցէն դուրս եւ ներս տիրող ապահովութեան միջոցներու խստութենէն եւ այցելուներու նկատմամբ վերապահութենէն: Կը բացատրէ, թէ 2007 ին, Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք վախի մթնոլորտը վերարծարծուած է հայ համայնքին մօտ:
Երկու խոչընդոտ՝
թուրք պետութիւնը
եւ անցնող ժամանակը
Նշելէ ետք թէ այսօր Պոլսոյ մէջ կը գործեն հայկական 16 դպրոցներ (5ը լիսէ), շուրջ 3.000 աշակերտութեամբ, յօդուածագիրը կը բացատրէ թէ Օսմանեան ժամանակներուն, ըստ նախկին վարչակարգին, ազգային իւրաքանչիւր համայնք պատասխանատու էր կրթական իր համակարգէն. այսպէս ծնունդ առած էին հազարաւոր հաստատութիւններ: «Այսօր շատ բան չէ մնացած անոնցմէ: 1915-16ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը (1էն 1,5 միլիոն զոհ, այսինքն գրեթէ Օսմանեան կայսրութեան հայկական բնակչութեան երկու երրորդը) ապա ջարդեր ու տարագրութիւններ զանոնք պարպեցին երախաներէն» կը գրէ Օղուզ: Ապա կ'ըսէ թէ Աթաթիւրքի կողմէ ստեղծուած Թրքական հանրապետութիւնը փոքրամասնական դպրոցները խնդրոյ առարկայ չդարձնելով հանդերձ, հաստատեց համախառն դրութիւն մը. Պետութիւնը զանոնք իր հսկողութեան տակ վերցուց, առանց հանրայինի կարգավիճակ շնորհելու: Կրթութեան նախարարութեան կողմէ պարտադրուեցաւ թուրք փոխ տնօրէն մը իւրաքանչիւր դպրոցի: Թրքական մշակոյթի դասաւանդութեան (լեզու, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն) համար սկսան ղրկուիլ նախարարութեան կողմէ վարձատրուող ուսուցիչներ, մինչ հայերէնի կամ հայկական նիւթերու ուսուցիչներու վարձատրութիւնը պէտք է հոգան իրենք՝ դպրոցները, իրենց հիմնարկներու եկամուտներով: Տողերը ստորագրողը կ'աւելցնէ նաեւ թէ թէկուզ չնչին բայց այնուամենայնիւ գոյութիւն ունէր փոքրամասնութեանց դպրոցներուն ցուցաբերուող պետական նիւթական օժանդակութիւն մը, որ բոլորովին ջնջուեցաւ 1974ին, Կիպրոսի գրաւումէն ետք:
Ուրեմն, ինչպէս կը վկայէ Պոլսահայոց կրթական յանձնաժողովի ներկայացուցիչ Կարօ Փայլան, այսօր հայկական դպրոցները կրնան ապաւինիլ միայն ու միայն հիմնարկներէ հասնող իրենց եկամուտ- ներուն, կամ նուիրատուութիւններու, մանաւանդ որ կրթական ամսական կամ տարեկան սակագիներ չեն ճշդուած, իւրաքանչիւր ծնող իր մասնակցութիւնը կը բերէ իր եկամուտներուն թոյլ տուած չափով:
«Համայնքային այս դպրոցներուն առաքելութիւնը կարեւոր է. պէտք է վերապրեցնեն լեզուն եւ մշակոյթը: Բայց կը բախին երկու արգելքի՝ թուրք Պետութեան եւ անցնող ժամանակին: Արդարեւ, այլ ոչ մէկ տեղ հայերէն կը դասաւանդուի: Ոչ մէկ համալսարան կÿառաջարկէ հայերէնի կամ հայ քաղաքակրթութեան դասընթացքներ: Թուրքիա ոչ մէկ դասատու կը պատրաստէ», կը բացատրէ Օղուզ եւ կÿաւելցնէ թէ հայկական դպրոցներու մէջ հայերէն դասաւանդողները ինքնապատրաստութեամբ հասած անձեր են: Յաճախ ալ, ինչպէս Օրթագիւղի Թարգմանչացի ուսուցչուհիներէն տիկին Մարի Գալայճըի պարագային, պատահականութեամբ հասած են հոն: Անոր՝ «հայերէնը դժուար լեզու է… տղաքը ընդհանրապէս թրքերէն կը խօսին իրենց միջեւ» դիտողութեան, յօդուածագիրը կÿաւելցնէ թէ լեզուին դժուարութիւնը առանձին խնդրոյ առարկայ պէտք չէ ընել: Կայ թրքական կրթական դրութեան յարուցանած դժուարութիւնն ալ, որ չի խթաներ անոր ուսուցումը: Օրինակ, երկրորդական վարժարաններու եւ համալսարաններու մուտքի բոլոր մեծ քննութիւնները թրքերէնով կ'ըլլան:
Ա. Օղուզ կը նշէ նաեւ թէ բոլոր ծնողները իրենց երեխաները համայնքային դպրոց չեն ղրկեր կամ ալ, նոյնիսկ եթէ ղրկեն, երկրորդականի մակարդակին՝ զանոնք հոնկէ կ'առնեն ու կ'արձանագրեն ֆրանսական, անգլիական, գերմանական դպրոցներ, որոնք համբաւաւոր են, յաջողութեան երաշխիքներ կը հրամցնեն: «Հայկական երկրորդականները երբեմն կը նկատուին որպէս «պահեստի անիւ» յօդուածագրին կը բացատրէ Նորա Միլտանօղլու: «Ժողովրդական մշակոյթ չէ մնացած»:
Տիկին Գալայճը կ'ըսէ, թէ Թուրքիոյ մէջ մտայնութիւնները բարեփոխուած են: Օրինակ, երբ ինքը փոքր էր, ստիպուած էր թրքերէն բառով կանչել իր մայրը, այն մտավախութեամբ որ եթէ «մամա» ըսէր, պիտի իմացուէր որ քրիստոնեայ է: Հիմա այդպէս չէ: Բայց ատիկա արգելք չ'ըլլար որ Թուրքիոյ մէջ հայերէնը հետզհետէ անհետանայ, եւ իր մշակոյթն ալ՝ հետը: «Ընտանիքներէ ներս, շատ քիչ հայերէն կը խօսուի: Հայկական ժողովրդական մշակոյթ չէ մնացած այլեւս: Կը գոհանանք՝ երախաներուն նուազագոյնը, ամէնօրեայ իրենց կեանքին մէջ հարկ եղածը միայն սորվեցնելով» կ'ըսէ Կ. Փայլան:
Յօդուածագիրը կը մէջբերէ «Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիրներէն Սարգիս Սերոբեանի ըսածները: «Քիչ թրքահայեր կը խօսին լեզուն: Լաւագոյն փաստը՝ «Ակօս»ի մէջ թրքերէն գրութիւններուն գերակշռութիւնն է (հայերէն միայն չորս էջ, 24ի վրայ): Թէ ոչ, մարդ պիտի չգնէր», կը հաստատէ ան:
«Հայ համայնքը հասկցաւ թէ իր դպրոցները՝ առանձին չեն կրնար վերապրեցնել լեզուն: Բայց զայն իր կղզիացումէն դուրս հանելը բարդ գործ մը պիտի ըլլայ: Կրթական վերջին բարենորոգման ընթացքին, հանրային դպրոցներու մէջ հայերէնի ուսուցումը մերժուեցաւ» կ'եզրափակէ Օղուզ: