Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարած է, որ կը պատրաստուին հայկական հարցին վերաբերեալ պատմական իրողութիւնները ներկայացնող գեղարուեստական եւ վաւերագրական ժապաւէններ նկարահանելու:

Ան աւելցուցած է, որ անոնք միջազգային հանրութեան մօտ  մեծ արձագանգ պիտի ունենան:
Արընչ Թուրքիոյ խորհըրդարանի պիւտճէի ձեւաւորման յանձնախումբին մէջ շարք մը նախագիծերու ֆինանսաւորման քննարկումներու ժամանակ խօսած է նաեւ աշխարհի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճա-նաչման դէմ պայքարի նոր միջոցներու մասին: