Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի գաղափարախօսական բաժինի ղեկավար Ալի Հասանով   յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կայունացած են:

Ան այդ  յարաբերութիւնները կը նկատէ «ռազմավարական գործընկերութիւն», որ կը զարգանայ քանի մը ուղղութիւններով տեղի ունեցող համագործակցութեան շնորհիւ:
Ըստ ատրպէյճանական «Թուրան» լրատուական գործակալութեան, Հասանով միաժամանակ նշած է, որ Ատրպէյճան յաւելեալ ճնշում պիտի բանեցնէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար: «Պիտի զօրացնենք ճնշումը ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին եւ անոր  համանախագահներուն վրայ: Անոնք, իրենց կարգին, հակամարտութեան կարգաւորման հարցով պէտք է յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Հայաստանի վրայ, որպէսզի անոնք բանակցային գործընթացը առաջ տանին», ըսած է Հասանով:

Մինսկի Խմբակի Նախագահները Տարեկան Զեկոյց Կը Ներկայացնեն

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք անցեալ շաբաթավերջին Վիեննայի մէջ կառոյցի մնայուն խորհուրդին ներկայացուցած են իրենց տարեկան զեկոյցը:
ԵԱՀԿի մամլոյ գրասենեակին համաձայն՝ համանախագահները ներկայացուցած են հակամարտութեան կողմերուն հետ իրենց անջատ ու համատեղ հանդիպումներու եւ տարածաշրջան կատարած իրենց այցելութեանց, ինչպէս նաեւ համանախագահող իւրաքանչիւր երկիրի հանդիպումներուն ու անցած Յունուարին Սոչիի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նախագահներու եռակողմ հանդիպման արդիւնքները:
Անոնք քննարկած են իրենց դերը՝ լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ խախտումներու պարագային՝ իրավիճակին սրումը բացառելու աշխատանքին մէջ: Մասնաւորապէս նշուած է Քասփըրչիքի լիազօրութեանց եւ տարածաշրջանին մէջ գտնուող անոր խումբի առաքելութեան կարեւորութիւնը:
Մնայուն խորհուրդին ներկայացուցած իրենց զեկոյցէն անկախ, համանախագահները անջատ հանդիպումներ ունեցած են Ուքրանիոյ եւ Զուիցերիոյ պատուիրակութիւններուն հետ՝ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ այդ երկիրները պիտի ստանձնեն ԵԱՀԿի նախագահութիւնը:
Համանախագահները դարձեալ հակամարտութեան տարածաշրջան պիտի այցելեն Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին: