Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հայոց Մեծ Եղեռնին նուիրուած գիրքերու  շարքը համալրուեցաւ նոր հրատարակութեամբ մը՝ «Հայոց ցեղասպանութիւնը  օսմանեան Թուրքիայում:

Վերապրածների վկայութիւններ»: Այս խորագրով փաստաթուղթերու եռահատոր ժողովածուին մէջ ներկայացուած են Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու վկայութիւնները, ուր  փաստացի կերպով  բացայայտուած են  թրքական իշխանութիւններուն կողմէ 1915 թուականին  հայերու ոչնչացման ուղղուած ծրագրերը:
«Եղեռնի 100-ամեայ տարելիցին նուիրուած միջոցառումներու  ծիրէն ներս, սա կարելի է համարել առաջինը»,- նշած  է եռահատորեակի համահեղինակ, Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը:
Երեք հատորներուն մէջ օգտագործուած են ազգային արխիւի, Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի եւ հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամի մօտ  պահուող բացառիկ լուսանկարները:
Յառաջիկային կը նախատեսուի եռահատորը թարգմանել ռուսերէն, անգլերէն եւ թրքերէն լեզուներով, նաեւ՝  ստեղծել Ցեղասպանութեան զոհերու վերաբերեալ արխիւային փաստաթուղթերու  եւ նիւթերու  ելեկտրոնային շտեմարան: