Յունական Zougla.gr կայքէջի լրատուութեան համաձայն, Թուրքիոյ մէջ ուսուցիչներու արհմիութիւն մը անցեալ շաբաթ բողոք ներկայացուցած է դատարան՝ որոշ դասագիրքեր հրապարակէն ետ քաշելու պահանջով:
Ըստ սենտիքայի ներկայացուցիչներուն՝ Պոլսոյ կարգ մը դպրոցներուն մէջ ցրուած շարք մը դասագիրքերու որոշ հատուածներ հակասեմական բանաձեւումներ կը պարունակեն, փորձելով խայտառակուած ներկայացնել Այնշթայնը, Տարուինը եւ Ֆրոյտը...
Խնդրոյ առարկայ արհմիութիւնը Egitim-Sen, իր հաղորդագրութեան մէջ կ'ըսէ.- «Այս դասագիրքերը կը պարունակեն հակագիտական, հակասեմական, հակահայկական կամ քրիստոնեաներու, անաստուածներու եւ կամ ձախակողմեան գաղափարախօսութեանց պաշտպաններուն ուղղուած վիրաւորական նշումներ: Կը պահանջենք, որ այդ գիրքերը քաշուին հրապարակեն եւ զանոնք դեռ ոչ իսկ 10 տարեկան մանուկներու ձեռքերուն մէջ դնող պատասխանատուները դատապարտուին»:Այս դասագիրքերուն մէջ կ'ըսուի, օրինակ, անդրադարձ կատարելով Այնշթայնի. «աղտոտ եւ թափթփած հագուստով տղայ մըն էր, որ կը քալէր բոպիկ եւ օճառ կ'ուտէր, մինչ այդ տարիներուն Կեսթափոն կը հրկիզէր Հրեաները փուռերու մէջ եւ օճառ կը շինէր անոնցմէ»:
Բացասական արտայայտութիւններ կան նաեւ բնաշրջումի տեսութեան հայր՝ Տարուինի հասցէին: Իր մասին կ'ըսուի. «Ապօրինի գաղթական հրեան, որ կ'ատէր իր մեծ քիթը», կամ ալ՝ իր ուսումնասիրութիւններուն վրայ 20 տարի անցուց՝ «կատարելապէս գիտակցելով որ ինքզինքին իսկ կը ստէր»:
Դեռ կան այլ մարգրիտներ, ինչպէս օրինակ՝ «Ֆրոյտը կնամոլ էր», կամ «Կաղանդ Պապիկը պէտք էր դատի տալ՝ սեփականութեան բռնաբարման յանցանքով», եւլն., եւլն.: