Զինուորական ծառայութեան ընթացքին իր զինակիցներէն Քըվանչ Աղաօղլուի հրացանով սպաննուած Սեւակ Պալըքճըի մահուան դատավարութիւնը Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 5ին շարունակուեցաւ Տիարպեքիրի մէջ։
Սեւակի ցաւատանջ մայրը՝ Անի Պալըքճը, խօսք ուղղեց դատաւորին ու ըսաւ. «Ձեր տալիք որոշումէն յայտնի պիտի դառնայ, թէ դուք ալ «մի՞ւս»ն էք, թէ ոչ. պարզապէս ասիկա ըսել կ՛ուզեմ»։
Պալըքճը ընտանիքին փաստաբանը՝ Իսմայիլ Ճեմ Հալավուրթ, պահանջեց, որ մերժուի նիստի մանրամասնութիւնները հրատարակելու արգելքը, որ կը պահանջուէր ամբաստանեալի փաստաբաններուն կողմէ։ Փաստաբան Հալավուրթ ըսաւ. «Եթէ հրատարակութեան արգելք դրուի, ապա Թուրքիա պիտի դադրի՞ Հայկական Հարցին մասին խօսելէ։ Այս պատճառաւ կը պահանջենք, որ անոնց այս պահանջը մերժուի։ Նոյնիսկ եթէ կարգ մը մտածումներ մեզի հաճելի չթուին, այս բոլորը միտքի ազատութեան շրջագիծին մէջ պէտք է ընդունուին»։
Դատախազն ալ կողմնակից եղաւ, որ մերժուի հրատարակութեան արգելքի առաջարկը։
Ամբաստանեալին փաստաբանը՝ Իպրահիմ Կէօք, իր կարգին պնդեց, թէ դիմացի փաստաբաններն ու միջամուխ փաստաբանները կը ջանան այս դատը փոխադրել դէպի քաղաքական դաշտ. «Դիմացի կողմը ուզեց, որ քաղաքական կուսակցութիւններ տէր կանգնին այս դատավարութեան, բայց այս խնդիրին մէջ քաղաքական կուսակցութիւններու անկ որեւէ բան չկայ։ Մենք պէտք չէ այս խնդիրը հեռացնենք իրաւական դաշտէն։ Ես չեմ կարծեր, որ Թուրքիոյ մէջ Հայկական Հարց մը կայ։ Սխալ է 1915ի պատահարները կապել այս խնդիրին։ Հարցը իր բուն կէտէն պէտք չէ հեռացուի։ Մենք այս տեսակէտով է որ ուզեցինք հրատարակութեան արգելք հռչակել։ Իմ պաշտպանեալս թուրք զին-ւորի համազգեստը չէ արատաւորած։ Այն համոզումն ունինք, որ ոմանք այս դատը կ՛ուզեն քաղաքականացնել», ըսաւ ան:
Երկուշաբթի օրուան նիստին կարեւոր քայլերէն մէկը այն էր, որ դատարանը յանցաւոր նկատեց ու որոշեց դատարան յանձնել երկու վկաներ, որոնցմէ մէկը՝ Հալիլ Էքշի, հակասական վկայութիւններ տուած էր, իսկ միւսը՝ մարդասպանին մօտիկ ընկերը՝ Պիւլենտ Գայան։
«Մարմարա» կը գրէ, թէ դատավարութիւնը յետաձգուեցաւ յաջորդ նիստի մը։ Այս կերպով, անգամ մը եւս պէ՛տք է սպասեն բոլոր անոնք, որոնք արդարութիւն կը պահանջեն տարաբախտ Սեւակին համար։
Սեւակ սպաննուեցաւ Ապրիլ 24ի օրով, շատ խորհրդաւոր ու դժուար հասկնալի պայմաններու մէջ։ Ոճիրը գործուեցաւ Ապրիլ 24ի օրով, եւ որքա՛ն ալ Սեւակ կրէր թուրք բանակին համազգեստը, որքա՛ն ալ հաւատարիմ մնացած ըլլար այդ համազգեստին, յայտնի է, որ անձ մը այդ համազգեստին տակի «հայ»ը տեսաւ։ Դիւրին չէ պաշտպանել այն տեսակէտը, թէ այս սպանութեան մէջ քաղաքական մերձեցում չկար։ Ոչ մէկը կրնայ հաւատալ այսպիսի պնդումի մը։ Ինչպէս քանիցս ըսած է Սեւակին հայրը՝ ասիկա ուղղակի ցեղապաշտ ու խտրական ոգիով գործուած ոճիր մըն էր, եւ, այս ոճիրը ունի քաղաքական ենթահող: