Մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը մեծագոյն հեգնանք կը համարէ ՄԱԿ-ի Միջազգային ինթերնէթ ֆորումի կազմակերպումը Պաքուի մէջ:
Յիշեցնենք, երկու «պլոկեր»ներու՝ Ադնան Հաջիզադէի եւ Էմին Միլինի ձերբակալումը Պաքուի մէջ, Դեկտեմբեր 2009ին: Երկու երիտասարդները ազատ արձակուեցան 2010-ի Նոյեմբերին, իրենց ազատազրկման ի նպաստ միջազգային հանրութեան կողմէ խիստ պահանջատիրական արշաւի որպէս հետեւանք:
Այս տարի, Նոյեմբեր 6-ին նախատեսուած է Պաքուի մէջ ՄԱԿ-ի Միջազգային ինթերնէթ ֆորումի կազմակերպումը: Այս առիթով Amnesty International-ը յատուկ զեկոյց մը պատրաստած է, լոյս աշխարհ բերելով այն բոլոր խախտումները եւ սահմանափակումները, որ կատարած են ատրպէյճանական իշխանութիւնները համացանցին վերաբերող հարցերու կապակցութեամբ:
«Մեծագոյն հեգնանքն է, երբ համացանցային կառավարման նուիրուած միջազգային համաժողովը Ատրպէյճանի նման երկրի մէջ տեղի կ'ունենայ. հոս կառավարութիւնը կը վերահսկէ մարդոց անձնական նամակագրութիւնը, կը բանտարկէ «պլոկերներուն» կ'ըսէ Մաքս Թաքեր: