Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Լեհաստանի նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմարովսքի Պաքուի մէջ յայտարարած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման հարցով՝ տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքները տարանջատելի չեն:


Ըստ «Ազատլըք» ատրպեճանական լրատու գործակալութեան, Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, նախագահ Քոմարովսքի, ԼՂ խնդիրի լուծման վերաբերեալ հարցին տուած պատասխանին մէջ խուսափած է աջակցելէ Ատրպէյճանի  դիրքորոշման: Աւելին, ան շեշտած է ազգերու ինքնորոշման սկզբունքին կարեւորութիւնը:
«Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով: Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կարեւոր ըլլալով՝ հաւասարապէս կարեւոր է նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Ամենավտանգաւորը այն է, որ շատերը անոր կը մօտենան՝ մղուած աշխարհագրութեան եւ քաղաքական պայմաններէն», ըսած է Պ. Քոմարովսքի: