Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի 67-րդ նստաշրջանին ընթացքին, ելոյթով հանդէս եկաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը։
Ան իր ելոյթին զգալի մէկ մասը նուիրեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ շարունակուող զինուած հակամարտութեան, որ, Մամետիարովի խօսքով՝ «լուրջ վտանգ եւ մարտահրաւէր է միջազգային եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համար»։
Էլմար Մամետիարովը, առիթը չկորսնցուց Հայաստանին մեղադրելու «անպատասխանատու եւ անընդունելի» պահուածքի մէջ, որը, ըստ իրեն, ...ալ աւելի կը բարդացնէ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը։ Անբարտաւանութեամբ խօսելով՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը պնդած է՝ թէ «պատերազմական յանցագործութիւններ եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւններ կը կատարուին, որոնց շարքին Ատրպէյճանի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութեան ակտեր կատարած անձեր ոչ միայն անպատիժ կը մնան, այլեւ նոյնիսկ պաշտօնի բարձրացում, պատիւներ եւ հերոսի կոչում կը ստանան Հայաստանի մէջ»։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի բացայայտ ստախօսութիւնը հետզհետէ կը սաստկանայ...
Նշենք, որ այսօր Հոկտեմբեր 1-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի բեմէն ելոյթ կÿունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը։ Կ'ակնկալուի ՀՀ նախարարի կողմէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու բուռն քննադատութիւն, միջազգային հեղինակաւոր այս բեմէն, մարդասպան Սաֆարովին հարցին կապակցութեամբ: