Ատրպէյճան-Հունգարիա աղտոտ համաձայնութեան ծալքերը կը սկսին բացայայտուիլ
Ատրպէյճանի Տնտեսական զարգացման նախարար Շահին Մուսաթաֆաեւի գլխաւորութեամբ ատրպէյճանցի գործարարներու պատուիրակութիւն մը Հոկտեմբերին Հունգարիա կ"երթայ:
Ըստ «Թրէնտ նիուզ» ատրպէյճանական գործակալութեան՝ պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի հունգար-ատրպէյճանական գործարարական ֆորումին, որ կազմակերպուած է ազերիական AZPROMO-ին կողմէ: Ինչպէս ծանօթ է, մարդասպան Սաֆարովի յանձնումին առթիւ՝ շրջեցան նաեւ այն մասին լուրեր, ըստ որոնց՝ Ատրպէյճան Հունգարիոյ՝ շուրջ 2-3 միլիառ տոլար պետական պարտքի «գնում»ի խոստում կատարած էր: Որոշ փորձագէտներ այդ լուրերուն նկատմամբ վերապահ էին եւ չէին հաւատար, թէ Ալիեւ կը յարգէ այդ խոստումը, բայց ըստ երեւոյթին արդէն ան կը սկսի տալ իր պտուղները...