23-23 Սեպտեմբերին Թոքիոյի ԺԱԹԱ միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսին ժամանակ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը փորձած է քարոզչական բնոյթի հակահայկական ապատեղեկատուութեամբ մեծաքանակ նիւթեր տարածել մասնակիցներուն եւ այցելուներուն:
Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի պատուիրակութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպիչներէն պահանջած է արգիլել ազրպէյճանական գրգռութիւնը, ինչին կազմակերպիչ կողմի ղեկավարութիւնը արձագանգած է, եւ ազրպէյճանական նիւթերը ցուցասրահէն դուրս հանուած են:
Զբօսաշրջութեան գործակալներու ճափոնական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը Ասիոյ մէջ զբօսաշրջութեան մարզի մեծագոյն նախաձեռնութիւններէն է, որուն կը մասնակցին աւելի քան 150 երկիրներու զբօսաշրջական կազմակերպութիւններ եւ կառավարական ներկայացուցիչներ:
23-էն 24 Սեպտեմբերի լուսցող գիշերը ատրպէյճանցի համացանցահէնները կոտրած են Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի պաշտօնական կայքէջը: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին կայքէջը վերականգնելու համար: