Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Եւրոպական  խորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի հետ հանդիպումի մը ընթացքին՝ յիշեցնելով Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, յայտարարած է,

որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը պայմանաւորուած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով: Ըստ անոր, Թուրքիան պէտք է ճանչնայ իր պատմութիւնը: Պաղըշ աւելի ուշ հրաժարած է պատասխանել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ մամուլի հարցումներուն:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ դերն ու առանց մուտքի արտօնագիրի համակարգի հարցը: Պաղըշ յայտարարած է, որ Զուիցերիան Եւրոպական Միութեան անդամ չէ, եւ ինք մէկ վայրկեան իսկ չի մսխեր, որպէսզի խօսի հարցերու մասին, որոնք Եւրոպական Միութեան չեն վերաբերիր: