Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ՆԱԹՕի ղեկավարը Պաքուի մէջ խօսած է Սաֆարովի մասին՝
անթոյլատրելի նկատելով անոր ազատ արձակումը

Մինչդեռ, Ռասմուսենի հետ համատեղ ասուլիսին ընթացքին Ալիեւ պնդած է,
թէ Սաֆարովի արտայանձնումը օրինական էր

ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենը Երեւան կատարած իր այցելութենէն ետք անցած է Պաքու, ուր կատարած է իր խոստումը եւ խօսած է մարդասպան Սա-ֆարովին Ատրպէյճանի ներում շնորհելու եւ հերոսացնելու անթոյլատրելիութեան մասին։
Այսուհանդերձ, ինչպէս 1news.az լրատուական գործակալութիւնը կը փոխանցէ, ի պատասխան անոր խօսքերուն, անմիջապէս ելոյթ ունեցած է Ատրպէյճանի  նախագահ Իլհամ Ալիեւը որ պնդած է, թէ արտայանձնումը  համապատասխան էր  Եւրոպական համաձայնագիրներուն, իսկ ներում շնորհելու իրաւունքը ամրագրուած է Ատրպէյճանի սահմանադրութեամբ։ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը  Պաքուի մէջ, փաստօրէն,  լրատուական շրջափակման մէջ գտնուած է, ինչպէս յայտնի կը դառնայ:
«Թրենտ»-ը, 1news.az-ը եւ այլ գործակալութիւններ գրեթէ ոչինչ հաղորդած են  Սաֆարովի վերաբերեալ իր կատարած  մեկնաբանութիւններու մասին, այլ նշած են, որ Ռասմուսենը դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ խօսելով, անդրադարձած է Ղարաբաղի խնդրին ըսելով թէ  ռազմական լուծում չունի հարցը: Ան գովեստով խօսած է Ատրպէյճան - ՆԱԹՕ համագործակցութեան մասին եւ աջակցութիւն յայտնած է  Ատրպէյճանի մէջ  պաշտպանութեան մարզէն ներս  իրականացուող բարեփոխումներուն:
Բոլորովին հպանցիկ ձեւով յիշատակուած է  Twitter սոցիալական ցանցի իր պաշտօնական էջին վրայ  Ռասմուսենի տեղադրած այս գրութիւնը. - «Ինձ խորապէս կը մտահոգէ սպայ Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու Ատրպէյճանի որոշումը։ Այն կը  խարխլէ  վստահութիւնը եւ չի նպաստեր  խաղաղութեան գործընթացին»։
Պաքուի մէջ ամէն ինչ կատարուած է կանխարգիլելու համար ոչ պաշտօնական մամուլի շփումը Ռասմուսենի հետ: Բոլորովին արգիլուած է «Ազատութիւն» ռատիո- կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան թղթակիցներու մուտքը՝  Ռասմուսենի եւ Ալիեւի համատեղ մամլոյ ասուլիսին...

Թրքական թերթերն ալ նոյն խաղը կը խաղան

«ՆԱԹՕ-ի ղեկավարը գոված է յանդուգն Պաքուն» վերնագրով լոյս տեսած է թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, որ անդրադարձած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ Ատրպէյճանի նախագահի  հանդիպումին: «ՆԱԹՕ-ի ղեկավարը գոված է քարիւղով հարուստ Ատրպէյճանը՝ դաշինքին հետ իր անվտանգութեան ոլորտի մէջ աւելի սերտ համագործակցութեան համար,   հայ գործընկերը սպաննած ատրպէյճանցի սպային ներում շնորհելու հետեւանքով մեծցած շրջանային լարուածութեան ենթահողին վրայ», կը գրէ «Հիւրրիյէթ»...