Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Իրանական «Արան նիուզ»ի համաձայն, Թուրքիոյ իշխանութիւնները համոզած են ատըրպէյճանական իշխանութիւնները՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու Սուրիոյ ընդդիմութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերուն վերաբնակեցման գործընթացը կանխարգիլելու նպատակով:


Աղբիւրին համաձայն, Ատրպէյճան համաձայն գտնուած է սուրիացի ապստամբներուն աջակցելու, պայմանով որ այս մէկը  գաղտնի մնայ ամբողջովին։
Իրանական լրատուամիջոցը յայտնած է, որ աջակցութեան առաջին հանգրուանով՝ Թուրքիոյ միջոցով, փոխանցուած է  500 հազար տոլար սուրիացի ապստամբներուն: