ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցով գերագոյն խորհուրդի Պաքուի գրասենեակի հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի պետ Էլսար Աղայեւ ատրպէյճանական Vesti.az կայքէջին յայտնած է,
որ ինք թրքական մամուլը ընթերցելով այն տպաւորութիւնը ստացած է, թէ Թուրքիա կ՛ուզէ սուրիացի գաղթականներուն մէկ մասը Ատրպէյճան ուղարկել:
Ըստ թրքական լրատուամիջոցներուն, Սուրիան լքած թիւրքմեն շուրջ երեք հարիւր ընտանիք փափաք յայտնած են մինչեւ ճգնաժամի աւարտը բնակիլ Ատրպէյճանի մէջ: Ըստ Էլսար Աղայեւի, ներկայիս ՄԱԿ-ի գաղթականներու գերագոյն խորհուրդի Պաքուի գրասենեակին մէջ արձանագրուելու կանգնած օտարերկրացի գաղթականներուն աւելի քան 50 առ հարիւրը չեչեններ են (շուրջ 900 մարդ):