Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական 1news.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան ընթացքին

Երկուշաբթի օր հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ եւ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
Անդրադառնալով հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն՝  ան յոյս յայտնած է, որ Ֆրանսա ղարաբաղեան տագնապի լուծման համար իր առաւելագոյնը ընէ:
Մամետեարով Ֆապիւսի փոխանցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի նամակը՝  ուղղուած Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի: Մամետեարով Ֆապիւսը Ատրպէյճան հրաւիրած է: