Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդէս եկած է ըսելով, թէ «հայկական լոպին մեր թիւ մէկ թշնամին է»:
«Մետիամաքս» կը հաղորդէ թէ ան ելոյթ ունեցած է իր երկրի նախարարներու խորհուրդի նիստին ընթացքին, հերիւրանքներով լեցուն խօսքեր արտասանելով.
«Մեր դէմ տեղեկատուական պատերազմ կը տարուի: Այդ պատերազմին մէջ, իհարկէ, աչքի կ'իյնայ հայկական լոպին: Ատըրպէյճանը սեւցնելու, Ատրպէյճանի իրողութիւնները հերքելու, աշխարհին մեզ որպէս յետամնաց, ոչ ժողովըրդավարական երկիր ներկայացնելու փորձերը նախ եւ առաջ հայկական լոպիի գործերն են: Անոնց ազդեցութեան ոլորտը բաւական մեծ է» ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը, որ աւելցուցած է թէ «մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք նաեւ այդ պայքարին»: