Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական ծառայութիւնը՝ ՄԻԹը (MIT), յայտարարութիւն մը տարածած է այն մասին, որ այսուհետեւ աշխատանք պիտի հայթայթէ հայերէն իմացող աշխատակիցներու:


Ըստ «Ռատիքալ»ի՝ Ազգային հետախուզական ծառայութեան մէջ աշխատելու կարելիութիւն ունեցող Թուրքիոյ քաղաքացիները պէ՛տք է տիրապետեն օտար լեզուներու, որոնց շարքին են՝ հայերէնը, պարսկերէնը, եբրայերէնը, ասորերէնը եւ արաբերէնը: