Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-Միօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Ռուսիա մեկնած Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։


Վկայակոչելով «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, «Արմէնփրէս» հաղորդած է, թէ 2.5 ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկումի հիմնական նիւթը եղած է Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը: Արծարծուած է նաեւ Սուրիոյ ջուրերուն մէջ թրքական «Ար. Էֆ. 4» ռազմական հետախուզական օդանաւի կործանման միջադէպը, ապա Էրտողան ծանօթացած է այդ դէպքին առնչուած ռուսական կողմին մօտ գտնուող հետախուզական տուեալներուն։
Հանդիպումին մասնակցած Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով լրագրողներուն յայտնած է, որ Մոսկուան դէմ է Սուրիոյ մէջ յեղաշրջման աջակցող որեւէ որոշման: Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող  բախումները բնութագրած է իբրեւ «վերջին բախումներ»: «Մենք չենք ընդունիր Սուրիոյ վերաբերեալ ՄԱԿի 7րդ բանաձեւը: Միջազգային հրապարակին վրայ որոշ կողմեր կը հրահրեն Սուրիոյ բախումները՝ ընդդիմադիրները հանգստացնելու համար», դիտել տուած է Լաւրով։

 

Քննարկուած է Աքքույու աթոմական ելեկտրակայանը

Այս հանդիպումին ընթացքին Էրտողան խօսած է Թուրքիոյ Աքքույու քաղաքին մօտ Ռուսիոյ կողմէ կառուցուելիք աթոմական ելեկտրակայանին մասին։  Ան նշած է, որ թէեւ թրքական հասարակութեան մէջ աթոմակայանին առնչութեամբ նկատելի է որոշ անհանգստութեան առկայութիւնը, բայց եւ այնպէս անոր շինարարութիւնը պիտի սկսի ճշդուած թուականին։