ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլլաեւ Ատրպէյճանի քաղաքացիները նախազգուշացուցած է, որ Իրան տրուած այցելութիւնները ապահով չեն։
Այս մասին ան արտայայտուած է 13 Յուլիսին Պաքուի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, նախարարը այս յայտարարութիւնը կատարած է՝ 2 Մայիսին Իրանի մէջ ձերբա¬ կալուած Ատրպէյճանի երկու քաղաքացիներուն իրավիճակը մեկնաբանելով։
Ատրպէյճան յայտարարած էր, որ Իրանի մէջ ձերբակալուածները ատրպէյճանցի երիտասարդ «բանաստեղծ»ներ են, իսկ իրանական կողմը յայտնած էր, որ անոնք կը մեղադրուին թմրեցուցիչի ապօրինի առեւտուր կատարելու եւ հակաիրանեան գործունէութիւն ծաւալելու յանցանքով։
Ատրպէյճանցի դիւանագէտը նշած է, որ իրանական կողմը ատրպէյճանցի «բանաստեղծ»ներուն չ՛արտօներ Ատրպէյճանի հիւպատոսին հետ հանդիպում ունենալ, եւ որ ատրպէյճանական կողմը այդ առնչութեամբ հինգ դիմում յղած է Թեհրանին, բայց ոչ մէկ պատասխան ստացած է։ Ըստ անոր, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ հարցը բարձրացուցած է Պաքուի մէջ Իրանի դեսպանին եւ կրթութեան նախարարին հետ ունեցած հանդիպման ատեն, սակայն, անոնք միայն դիտել տուած են, որ իրենք Պաքուի դիրքորոշումը Թեհրանին կը ներկայացնեն։