Չորեքշաբթի, Յունիս 27ին, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան ստորագրեցին միջկառավարական համաձայանգիր մը՝ 7 միլիառ տոլար արժող կազատար մը կառուցելու վերաբերեալ:
Ստորագրութեան արարողութեան ներկայ էին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Էրտողան յայտարարեց, որ համաձայնագիրը աւելիով պիտի խորացնէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները: «Թանափ» անունով մկրտուած կազատարը ատրպէյճանական բնական կազը Վրաստանի եւ Թուրքիոյ վրայով Եւրոպա պիտի հասցնէ:
Ատրպէյճանի պետական «Սոքար» ուժանիւթի ընկերութիւնը պիտի ըլլայ կազատարի ընկերութեան 80 տոկոսին սեփականատէրը, մինչ թրքական պետական ուժանիւթի երկու ընկերութիւններ 10ական տոկոոսի մասնաբաժիններ պիտի ունենան անոր մէջ:
Կ՛ակընկալուի, որ կազատարի կառուցումը ամբողջանայ 2020ին, որմէ ետք անիկա կարողութիւնը պիտի ունենայ տարեկան 16 միլիառ խորանարդ մեթր բնական կազ փոխադրելու: Աշխատանք պիտի տարուի նաեւ փոխադրուող կազին ծաւալը տարեկան 31 միլիառ խորանարդ մեթրի բարձրացնելու՝ մինչեւ 2026 թուական: