Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 4 Յունիսէն ի վեր եւ յաջորդող օրերուն Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի եւ այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան   դէմ նախաձեռնուած հետախուզական գործողութիւններն ու սադրանքները կասեցուած են հայ մարտիկներու պատասխան գործողութիւններով: 

Ատրպէյճան պաշտօնապէս յայտնած է, որ 4 - 14 Յունիս երկարող ժամանակաշրջանին կորսնցուցած է 11 զինուորա- կաններ: Անոնցմէ 5ը  զոհուած են հայ զինւորներու հետ մարտի ընթացքին, իսկ երկուքը՝ ականի պայթումի պատճառով: Միւս 4 զինուորներու մահուան առնչութեամբ ատրպէյճանական կողմը տարբեր բացատրութիւն տուած է՝ աղիւսէ սալիկի տակ մնալու կամ անձնասպանութիւն գործելու պատճառով։
«Ազերիփրէս» լրատուական գործակալութիւնը 14 Յունիսին յայտնած է, որ հիւանդանոցին մէջ մահա- ցած է նաեւ 9 Յունիսի գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հետ սահմանագիծի Գէօրանբոյի հատուածին մէջ ականի պայթումին պատճառով ծանրօրէն վիրաւորուած ատրպէյճանցի սպայ Իլկար Վերտիեւը. նոյն ականին պատճառով նոյն օրն իսկ զոհուած է               զօրամասերէն մէկուն պատասխանատուներէն Զայիր Մամետովը:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, 2012ի առաջին կիսամեակին ընթացքին՝  Ատրպէյճանի զինուած ուժերու երիտասարդ զինուորներու ընդհանուր  կորուստը կազմած է 45 զինուորական: