Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան


Անգարա, Ցեղասպանութեան ժխտումին պատժումը նախատեսող օրէնքին պատճառով, 2011 Դեկտեմբերին՝ պատժական շարք մը միջոցներու դիմած էր Ֆրանսայի դէմ:

Մեր ընթերցողները վստահաբար կը յիշեն, թէ նախ ետ կանչած էր իր դեսպանը՝ նախքան յայտարարելը, որ կը ջնջէ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական բնագաւառներուն մէջ՝ ֆրանսական կողմին հետ նախատեսուած բոլոր հանդիպումները, ինչպէս նաեւ կÿարգիլէ ֆրանսական ռազմական օդանաւերուն եւ ռազմանաւերուն՝ օգտագործել թրքական երկինքն ու ծովը: Փետրուարին՝ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ օրէնքին անվաւեր նկատուելէն ետք ալ, Անգարա որոշած էր պահպանել պատժական այս միջոցները:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Տաւութօղլու հեռատեսիլէն խօսելով, յայտարարած է թէ վարչապետ Էրտողան հրահանգած է այդ պատիժները վերցնել, քանի Ռիոյի մէջ, բնապահութեան նուիրուած վեհաժողովին՝ շատ շինիչ ու դրական հանդիպում մը ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ՝ Հոլանտին հետ:
Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Ահմետ Տաւութօղլու թրքական CNN հեռատեսիլէն ըսած է. «Պատժական այդ միջոցները կը վերցուին՝ Ֆրանսայի նոր կեցուածքին պատճառով»՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ նշելու: Աւելցուցած է նաեւ, թէ ինք Յուլիս 5ին Փարիզ պիտի այցելէ՝ «յաւելեալ դրական քայլեր» առնելու համար: