Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ռուսիա Ատըրպէյճանի սահմանին ուղղութեամբ ռազմական ծանր սարքաւորումեր տեղադրած է վերջերս ու քանի մը անգամ փակած է Ատըրպէյճանի հետ իր սահմանը. այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Իռիպ» լրատուական գործակալութիւնը:


Տեղեկատուութեան մէջ կը նշուի, որ Մախաչքալայի բնակիչները նկատած են, որ վերջին քանի մը օրերուն, քանի մը բեռնատար գնացքներով հրասայլեր եւ այլ ծանր զէնքեր տեղափոխուած են դէպի Ատրպէյճանի սահմանը:
Տաղստանի խորհրդարանի փոխ նախագահ Նիքոլա Աճիեւ հաստատած է սոյն տեղեկութիւնը եւ աւելցուցած, որ այդ մէկը իրականացած է նախօրօք նախատեսուած ծրագիրի մը համաձայն:
Իրանեան աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ռուսական զինուժի այս տեղաշարժը տեղի կ՛ունենայ այն ժամանակ, երբ հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ լարուածութիւն յառաջացած է եւ Ռուսիա յայտարարած է, թէ նպատակ ունի 102-րդ ռազմակայանին մէջ յաւելեալ ուժեր տեղադրել: