«Եթէ Հայաստան չուզեր, որ իր զինուորները զոհուին, պէտք է ազատ արձակէ Ատրպէյճանի տարածքները»,- յայտարարեց Ատպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովը՝ ԵԱՀԿ գործող նախագահ Էյմոն Կիլմորի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին,
որ Պաքու ժամանած էր յատկապէս ղարաբաղեան խնդրի ու շփման գծի վերջին միջադէպերու քննարկման համար:
«Ազատութիւն» ռատիոկայանի փոխանցմամբ, Ատրպէյճանի իշխանութիւններու հետ բանակցութիւններէն յետոյ եւրոպացի դիւանագէտը կրկնած է այն կոչը, որ նախապէս հնչեցուցած էր նաեւ Երեւանի մէջ, թէ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս բանակցութիւններու ճանապարհով, եւ որքան հնարաւոր է արագ»։
«Մենք եկանք ընդհանուր համաձայնութեան, որ սթաթիւս քոն անընդունելի է», - յայտարարած է Պաքուի մէջ Էյմոն Կիլմորը, անգամ մը եւս պնդելով ԵԱՀԿ-ի առաջարկին վրայ՝ դուրս բերել դիպուկահարները շփման գիծէն եւ մեքանիզմներ ներդնել՝ արիւնալի միջադէպերը հետաքննելու համար։
Նշենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները ընդունած էին առաջարկը, մինչ Ատրպէյճան յառաջ քշեց իր սեփական նախապայմանները։
Պաքու կը հրաժարի սահմանային միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ստեղծումէն, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացած էր անցեալ տարի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատըրպէյճանի նախագահներուն հանդիպումին ընթացքին:
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ յայտարարած է, որ «ներկայ իրավիճակին մէջ նման մեքանիզմի ստեղծումը կը նշանակէ սթաթիւս քոն աւելի ամրապնդել»:
Ան նաեւ նշած է, որ Ատրպէյճան համաձայն է առաջարկին, սակայն «այդ մեքանիզմը կրնայ գործել այն ժամանակ միայն, երբ հայկական զօրքերը լքեն Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքները»: Աւելի՛ն, ըստ անոր, զօրքերու հեռացումէն ետք, այդ մեքանիզմի կարիք այլեւս չ՛ըլլար:
ԵԱՀԿ գործող նախագահը իր հերթին կոչ ուղղած է աշխուժացնել ջանքերը կարգաւորման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ համաձայնութեան գալու համար՝ ընդգծելով, որ միջնորդական խումբը չի կրնար որեւէ մէկուն լուծում պարտադրել, այլ կողմերը իրենք պէտք է խնդիրը կարգա- ւորեն։
«Ինչպէս ծանօթ է, կողմերը հա- մաձայնած են կարգաւորման երեք հիմնական սկզբունքներու՝ տարածքային ամբողջականութիւն, ժողովուրդներու ինքնորոշում եւ ուժի չկիրառում։ ԵԱՀԿ-ն կը սատարէ այս սկզբունքներուն։ Անոնք պէտք է կիրառել միաժամանակ, առանձին-առանձին հնարաւոր չէ։ Եւ ես յոյս ունիմ, որ Յունիս 18-ին Փարիզի մէջ նախատեսուած հանդիպումը՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ, արդիւնաւէտ կ'ըլլայ՝ առաջընթացի հասնելու առումով» ըսած է Կիլմոր։
Ատրպէյճանի դիւանագիտութեան պետը նաեւ անդրադարձած է Կապալայի ռատարի կայանի հարցին, նշելով, որ Ռուսիոյ կողմէ ատոր վարձակալութեան հարցը պիտի լուծուի մինչեւ 2012-ի վերջը:
«Տակաւին կանուխ է բանակցութիւններու արդիւնքին մասին խօսելու: Կողմերը տակաւին կը շարունակեն քննարկումները», ըսած է ան:
Նշենք, որ Ռուսիոյ կողմէ կայանի շահագործման համաձայնագիրին ժամկէտը պիտի աւարտի 2012-ի վերջաւորութեան, սակայն ատրպէյճանական կողմը համաձայնագիրի վերանորոգման համար 300 միլիոն տոլար կը պահանջէ:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի անկախացումէն յետոյ Ռուսաստանը տասը տարիով վարձակալած էր կայանը՝ հետագային վարձակալութեան ժամկէտը երկարաձգելու իրաւունքով։ Պայմանագրի ժամկէտը կÿաւարտի այս տարեվերջին, Պաքուն, սակայն, նոր պահանջներ կը դնէ Քրեմլինի առջեւ՝ ռուսական ռազմակայանի տեղակայման ժամկէտը երկարաձգելու մասին: Ատրպէյճան կը պահանջէ, որ Մոսկուա շուրջ 40 անգամ աւելի տարեկան վարձավճար տայ: