Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է,
որ 8 Յունիսին Տրապիզոնի մէջ տեղի ունեցած Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին նպատակը շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումն էր: Ան յիշեցուցած է նաեւ, որ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներուն Նախիջեւանի մէջ եռակողմ հանդիպումը նոյն նպատակը ունէր:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն դարձեալ պնդած է թրքական յայտնի նախապայմանը: Ան յայտարարած է, որ իրենց նպատակը Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատումն է, եւ եթէ Հայաստան յարգէ այդ խաղաղութիւնը եւ կատարէ Ատրպէյճանի պահանջները, Թուրքիա Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ պիտի հաստատէ: