Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ 1992ին գրաւուած Շահումեանը ընդգրկող Գերանբոյի շըրջանին մէջ, Յունիս 10ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, ականի պայթում մը պատճառ դարձած է երկու սպաներու ծանր վիրաւորման:

APA գործակալութիւնը լուրը հաղորդելով, կը նշէ թէ երկու սպաները կապիտաններ Իլգար Վերդիեւը ու Զահիր Մամեդովն են, որոցմէ առաջինը կորսնցուցած է իր ձեռքը, երկրորդը՝ ոտքը: