Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հաստատած է, որ 26 Յունիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան վեհաժողովին նախագահի մակարդակով հրաւէր ուղարկուած է Հայաստանի:
Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յիշեցուցած է, որ Հայաստանը կազմակերպութեան հիմնադիր անդամներէն է եւ Երեւանի մասնակցութիւնը բնական է: «Մենք նախագահի մակարդակով հրաւէր ուղարկած ենք եւ բարձր մակարդակով մասնակցութիւն կ՛ակնկալենք», նշած է ան:
Նախապէս թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Անգարա Հայաստանի նախագահին ու արտաքին գործոց նախարարին հրաւէրը արդէն ուղարկած է, պատասխանի կը սպասէ եւ դրական պատասխան կ՛ակնկալէ: