Քիւրտ պատգամաւորը կոչ ուղղեց Ապրիլ 24ը Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ յայտարարելու «հայ ժողովուրդի ցաւն ու վիշտը կիսելու օր»
«1915ին մեծ կոտորած էր տեղի ունեցածը, որ բոլոր լեզուներով կը կոչուի «ցեղասպանութիւն»: Այս խօսքերով հանդէս եկաւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր, Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Սըրրը Սուրեյա Օնտերը:
Քիւրտ պատգամաւորը, ըստ Radikal-ի, յայտարարած է, որ Ապրիլ 24-ին ինք մասնակցեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման յուշի երեկոներուն: Ան նաեւ քննադատեց բոլոր անոնց, որոնք կÿըսեն, թէ թուրքերու նախնիները նման բան չեն կատարած: Ըստ թուրք պատգամաւորի խօսքերուն, նման տառապանքները ոչնչով չեն հատուցուիր, եւ այս խօսքերը կը վերաբերին մարդկութեան դէմ գործուած ոճրագործութեանց, որոնք որեւէ մէկ գումարով կարելի չէ հատուցել:
Օնտերը մեղադրանք հնչեցուցած է իրավիճակը սեփական շահերէ մեկնելով դիտող եւ օգտագործող ուժերուն գծով, առաջարկելով իրենց՝ խոստովանիլ իրողութիւնը ու կիսել հայերու ցաւը: Օնտերը նշած է նաեւ, որ «Ժողովրդական դեմոկրատական կոնգրեսի» պատգամաւորներուն հետ մտադիր է առաջարկել Թուրքիոյ խորհըրդարանին` Ապրիլ 24-ը յայտարարել հայ ժողովուրդի ցաւն ու վիշտը կիսելու օր: