Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Կարմիր,  կապոյտ  եւ նարջնագոյն  գոյները արգիլուած  է  քով-քովի երեւան  Պաքուի  մէջ...

Մայիս 15ին կը հաղորդուէր, որ ատրպէյճանական լրատու միջոցները մեծ աղմուկ բարձրացուցած են՝ Ուքրանիոյ Լվով քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ կախուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշին պատճառով:

Ուքրանիաբնակ ատրպէյճանցի մը յայտնած էր, թէ քաղաքի ճիշդ կեդրոնին մէջ զետեղուած բազմաթիւ դրօշակներու շարքին, թէեւ կայ ատրպէյճանական երկու դրօշ, սակայն ներկայ է նաեւ ԼՂՀ դրօշը:
Ատրպէյճանցիները մտահոգուած են, որ «հայ-ատրպէյճանական» այս երեւոյթին ականատես պիտի դառնան բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, որոնք ֆութպոլի եւրոպական ախոյեանութեան առիթով պիտի ժամանեն Ուքրանիա: Ըստ ատրպէյճանական պարբերաթերթի մը, այդ ճաշարանին սեփականատէրը Ուքրանիացի խորհրդարանական անձ մըն է:
Մէկ այլ առիթով, բայց նոյնպէս արցախեան դրօշին առընչութեամբ, աղմուկ բարձրացած էր նաեւ Ատրպէյճանի մէջ: Այս անգամ «մեղաւորը» Պաքուի կեդրոնի խանութներուն մէջ վաճառքի դրուած՝ թրքական արտադրութեան շապիկներ են, որոնց գունաւորումը, զուգադիպութեամբ, նման է հայկական Եռագոյնին: Վաճառողները պնդած են թէ իրենք անտեղեակ եղած են հայոց դրօշի գոյներէն: Եռագոյն շապիկները անմիջապէս վերցուած են ցուցափեղկերէն: