Ապակիէ հսկայական համերգասրահը, որ Եւրատեսիլի երաժշտական մրցումին համար յատկապէս կառուցուեցաւ Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ, համատարած գայթակղութիւններու առիթ տուած է: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ծախսած են 1 միլիառ տոլար այս շէնքին համար:
Արդէն յայտնի էր սկիզբէն: Այն պահէն՝ երբ Եւրատեսիլի ղեկավար մարմինը, իր անդամ երկիրներու ցանկին մէջ ներառաւ Ատրպէյճանի նման երկիրներ, որոնք որեւէ կապ չունին «Եւրոպա» հասկացողութեամբ, այլ դէպի Ասիա ընդարձակուող նոր Եւրոպայի մը գաղափարի ստեղծման կը ծառայեն: Առաջին պահէն Ատրպէյճան յայտնի դարձուց թէ վճռակամ էր «եւրոպական» այս հարթակը գրաւելու մէջ: Օտար յօրինողներու եւ երաժշտագէտներու մասնակցութիւնը ապահովուեցաւ մեծագումար վարձատրութիւններով: Ուզուածը՝ եւրոպական փոփ դիւրամարս եղանակներ. իսկ ազերիական աւանդական երաժշտութեան մասին, խօսք անգամ չկայ...
Յաջորդեց դաշնակիցներ ապահովելու հարցը. թիւ 1 դաշնակից՝ Թուրքիան, որ իր փորձառո
ւթիւնը եւ զօրակցութիւնը բարձր տրամադրուածութեամբ փոխանցեց Ատըրպէյճանին: Հոն էր, երբ առաջին անգամ խօսք եղաւ ատրպէյճանցիներով լեցուն հանրակառքերու մասին, որ սահմաններէն դուրս կը փոխադրէին քուէարկող մարդոց, որպէսզի կարողանան քուէարկել ի նպաստ Ատրպէյճանի՝ SMS ուղարկելով:
Ատրպէյճանի խաղացած խաղերը իրենց արդիւնքը տուին փառաւորապէս. եւ ահա, այսօր, 22 Մայիսին, Պաքուի «Քրիսթալ փալաս»էն ներս տեղի կ'ունենայ Եւրատեսիլի տարեկան մրցոյթը, ուր մասնակցութիւն կը բերեն 42 երկիրներ, ներառեալ Յունաստանը:
Բացայայտ իրականութիւն է, թէ տարիներու ընթացքին Եւրատեսիլի շրջանակները քաղաքական որպէս միջավայր դիտած են մրցումը. այս տարի քաղաքական դաշտը Պաքու փոխադրուած է, առիթը տալով Ատրպէյճանի ցոյց տալու թէ որքանով «արեւմտեան» երկիր մըն է: Եւ որքա՜ն հարուստ...
23.000 հանդիսատես հիւրընկալող «Քրիսթալ Հոլ»ի կառուցումը պայմանաւորուած էր ամբողջ շրջանի մը «գրաւումով»: Սքանչելի տեսարանը ապահովելու եւ շրջակայքը մաքրելու համար, պետական հրահանգով գրաւուեցան բազմայարկ շէնքեր, խանութներ եւ սեփականութիւններ, 1700 եւրօ գումարի մը հատուցումով միայն:
Մարդոց իրաւունքներու պաշտպանութեան միջազգային հիմնարկը (Human Rights Watch) խստօրէն քննադատեց Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, բռնի ձեւերով բնակիչները իրենց սեփականութիւններէն հեռացուցած ըլլալուն համար: Դէպքեր եղան, երբ պուլտոզըրներու աշխատանքին ընդառաջ՝ ոստիկանական ուժերու միջամտութեամբ, քաղաքացիները բռնօրէն հեռացուեցան իրենց տուներէն:
Անցեալներս, թերթի էջերէն հաղորդած էինք, թէ Պաքուի լաւագոյն սրճարաններն ու ճաշարանները, իրենց ճաշացանկերուն մէջ եւրոպական ճաշեր ներառին, ինչպէս նաեւ թէ ստիպուեցան անգլերէն լեզուով ցուցակներ պատրաստելու: Ի՜նչ խօսք, թէ 42 երկիրներէ ժամանած պատուիրակութիւններուն համար աննախադէպ շռայլ ու փարթամ հանրակառքեր, հիւրանոցներ տրամադրուած պիտի ըլլան, որպէսզի «անմոռանալի» փորձառութիւն մը ապրին Պաքուի մէջ...:
Հ.
Ատրպէյճանի Նախագահին Ընտանիքը Կը Շահի Եւրատեսիլի Սրահի Կառուցումէն
Եւրատեսիլի երգի մրցումը հիւրընկալելու իրաւունքը Ատրպէյճան նուաճեց անցեալ տարի: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը հպարտօրէն արձագանգեց այդ յաղթանակին՝ ներկայացնելով 134 միլիոն տոլար արժող համերգասրահի ծրագիրներ:
Ատոր կարեւորութիւնը ազդանշուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Առաջին տիկին Մեհրիպան Ալիեւայի՝ շինարարական վայրին մէջ բարձրացած յանդուգն երկրաչափական կառոյցին տրուած յաճախակի այցելութիւններով:
Բայց անոնց հետաքրքրութիւնը միայն արարողական եւ հայրենասիրական չէր:
Կազմակերպուած ոճիրի եւ փտածութեան զեկուցման ծրագիրը եւ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետաքննիչ լրագրողները բացայայտեցին, որ նախագահական ընտանիքը անձամբ շահ կ՛ապահովէ այս վիթխարի շինարարական նախագիծէն, «Ազենքօ» շինարարական ընկերութեան մէջ իր սեփականատիրութեան միջոցով:
Դեռ կը զարմանա՞նք...: