Ատրպէյճանցի լրագրող եւ վերլուծաբան Ասեֆ Կուլիեւ լրագրողական հետաքննութիւն կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան հետ շփման գիծին վրայ եւ բացայայտած է, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ կը թաքցուին բանակին մէջ կատարուող շարք մը սպանութիւններ եւ այլ փաստեր:
«Gafgazinfo.az» կայքը հրապարակած է Կուլիեւի վերլուծութիւնը, ուր ան կը նշէ, թէ պաշտօնական հարցումներ կատարած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան, ինչպէս նաեւ պետական այլ մարմիններու պաշտօնատարներուն: Ատրպէյճանի տարածքներու վերականգնման եւ վերակառուցման գործակալութենէն իրաւաբան մը իրեն յայտնած է, թէ հարցուած տեղեկատուութիւնը պետական գաղտնիք կը նկատուի եւ պատասխան ստանալու համար անհրաժեշտ է ունենալ ազգային ապահովութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութիւնը:
«Ես միայն հարցուցած էի, թէ որքա՞ն գումար յատկացուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ճակատի երկայնքով պատ կառուցելու համար, եւ թէ ցարդ այդ կապակցութամբ ի՞նչ աշխատանքներ կատարուած են», կը նշէ յօդուածին հեղինակը:
Կուլիեւ կ՛աւելցնէ, թէ հետաքննութեան ընթացքին բացայայտած է, որ «քանի մը» ատրպէյճանցի զինուորներ Ապրիլ ամսուան ընթացքին սպաննուած են հայկական կողմէն արձակուած փափուշտներով, սակայն Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ոչ միայն հանդէս չէ եկած այդ մասին յայտարարութեամբ, այլ նոյնիսկ զանազան միջոցներու դիմած է՝ հասարակութենէն թաքցնելու համար այդ սպանութիւնները: Կուլիեւ նաեւ կը նշէ, որ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ չհաստատուած իրադարձութիւնները միջազգային կառոյցներու համար «ուղղակի գոյութիւն չունին»: