Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան


«Ո՛չ մէկը բան մը կը շահի, եթէ գործածէ լեզու մը, որ դիմացինին ցաւերն ու վէրքերը գրգռելէ ուրիշ գործի չի ծառայեր», ըսած է Կիւլ:

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ հրապարակագիր ու դասախօս Սետատ Լաչիներ, որ առիթը ունեցեր է Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը Կէօքճէատա տանող  նաւուն մէջ գտնուելով ու իմանալով նախագահին յայտարարութիւնները, կը գրէ, որ Կիւլի համաձայն, թուրքերուն ու հայերուն միջեւ բուն խնդիրն է գործածուած լեզուն փոխելը, տարբեր լեզուով եւ տարբեր ոճով խօսիլը: «Ո՛չ մէկը բան մը կը շահի, եթէ գործածէ լեզու մը, որ դիմացինին ցաւերն ու վէրքերը գրգռելէ ուրիշ գործի չի ծառայեր», ըսած է Կիւլ:
Լաչիներ դիտել կու տայ, որ այս տարի թրքական մամուլին մէջ շատ ալ լայն արձագանգ չգտան 24 Ապրիլի հայկական ձեռնարկները: Թերեւս «Արաբական գարուն»-ն էր, որ պատճառ դարձաւ, թերեւս Թուրքիոյ օրակարգը այնքան խճողուած էր, որ հայերուն համար շատ տեղ չմնաց: Ամէն պարագայի, այս տարի թրքական մամուլին մէջ 24 Ապրիլը աղմուկ չբարձրացուց, հակառակ անոր որ հայերը այս տարի շատ աւելի եռանդուն աշխատանք տարին: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով Ֆրանսայի նախագահ մըն ալ մասնակցեցաւ հայկական ձեռնարկներուն:
Ամէնէն կարեւոր զարգացումը նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին մեկնաբանութիւնն էր՝ ըստ Լաչիների:
«Անշուշտ կարեւոր է այն հարցը, թէ ո՛վ իրաւացի է, ո՛վ անիրաւ, բայց ատկէ աւելի կարեւոր է փոխել այն լեզուն, որ կը գործածուի, եւ աւելի շատ աշխատիլ զիրար հասկնալու համար: Եթէ այս խնդիրին համար լուծում մը պիտի գտնուի, այդ լուծումը կարելի չէ որ իրականանայ, եթէ շարունակենք դէմ դիմաց զիրար նախատել, պոռալ իրարու հասցէին: Այսպէս եթէ ընենք, մենք մեզ պաշտպանելէ աւելի դիմացինին վէրքերը կը թարմացնենք: Մինչդեռ երկու կողմերն ալ պէտք ունին մխիթարութեան ու հասկացողութեան: Թուրքերը այլեւս պէտք է հասկնան, թէ ի՛նչ պատճառով ալ եղած ըլլայ, աւելի քան մէկ միլիոն հայեր վտարուեցան իրենց դարաւոր հայրենիքէն, գրեթէ որբացան: Բայց նոյն կերպով հայերն ալ պէտք է վերջ տան այն կեցուածքին, ըստ որուն կարծես թէ միայն իրենք էին, որոնք տառապեցան ու տուժեցին: Հայերն ալ պէտք է տեսնեն, որ թուրքերը անցեալ դարաշրջանին ամէնէն շատ տառապած ժողովուրդներէն մէկն էին: Թուրքերը մնացած էին փլուզումի ենթարկուած կայսրութեան մը փլատակներուն տակ: Բանիմաց ոեւէ հայ չի կրնար ուրանալ, որ թուրքերն ալ շատ տառապեցան եւ այդ տառապանքին հեղինակները եղան խումբ մը հայ հրոսակախումբեր»:
Լաչիներ իր յօդուածին մէջ կը շարունակէ.
«Այսպէս, նախագահ Կիւլ դիտել տուաւ, որ ոչ մէկը բան մը կը շահի երկու կողմերու տառապանքը իրարու հետ մրցումի մէջ դնելով: Ինչ որ առաջին կարգի վրայ անհրաժեշտութիւն է, մէկզմէկու նկատմամբ յարգանք զգալն է: Հրանդ Տինք այս փիլիսոփայութիւնը կը քարոզէր, կ՛ուզէր, որ հայերը փրկուէին Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան թոյնէն: Ինչ մեղք, որ ան այս աշխարհէն մեկնեցաւ առանց հասկացողութիւն գտնելու: Յուսալի է, որ նախագահ Կիւլ գոնէ կը յաջողի կակուղցնել այն թունաւոր լեզուն, որ կը գործածուի երկու կողմերուն միջեւ»: