Թրքական «Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան արխիւներու ընդհանուր տնօրէն Ուղուր Ունալ յայտնած է, որ թրքական արխիւներուն մէջ գտնուող շուրջ 200 հազար փաստաթուղթ ուսումնասիրողներու եւ հետազօտողներու յանձնուած են:
Կարինի մէջ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն շուրջ գիտաժողովին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման թրքական յայտնի թեզերէն բացի գրեթէ ոչինչ քննարկուած է:
Ունալ իր կարգին պնդած է, որ թրքական արխիւները բաց են ուսումնասիրութիւններու համար: Ան յայտարարած է, որ հայկական հարցին առնչուող շուրջ 2550 փաստաթուղթ օսմաներէնէ թարգմանուած է ժամանակակից թրքերէնի եւ հասանելի է նոյնիսկ պետական արխիւի կայքէջին ճամբով: «Մինչեւ հիմա շուրջ 90 երկիրներու գիտնականներ դիմած են մեզի՝ ուսումնասիրութիւններ կատարելու արտօնութիւն ստանալու համար», ըսած է ան:
Ունալ նաեւ յայտարարած է, որ հայերը Անատոլուի մէջ թուրքերուն հետ հանգիստ ու խաղաղ կ՛ապրէին: Օսմանեան կայսրութեան մէջ անոնց հետ լաւ վերաբերում ունեցած են, եւ անոնք հանգիստ քաղաքականութեամբ կը զբաղէին եւ տարբեր մարզերու մէջ պաշտօններ վարած են:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռեհա Քեսքինթեփէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարեւոր նկատած է, որովհետեւ ատիկա ոչ միայն նոյն շրջանին մէջ ապրող երկու դրացիներու, այլ նաեւ Կովկասի մէջ խաղաղութեան մթնոլորտի հաստատման համար կարեւոր գործօն է: